Որոնել

Կարդինալ Թուրքսոն։ Կարդինալ Թուրքսոն։ 

«Քովիտ 19-ի ժամանակաշրջանին, ապագան պատրաստել  ու խաղաղութիւն կերտել։» Վատիկանեան Քովիտ 19ի համար յանձնախումբի ծրագիրին ներկայացում։

Կարդինալ Թուրքսոն ողջունեց ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի համաշխարհային կրակմարի կոչը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, յուլիս, 7-ին, Վատիկանի «Յովհաննէս Պօղոս Բ» անուան դահլիճէն ներս, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուեցաւ «Ապագան պատրաստել, խաղաղութիւն կերտել, Քովիտ 19 ժամանակաշրջանին» խորագիրով ծրագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի նախագահ, կարդինալ Փիթեր Քոտվօ Ափիա Թուրքսոն, Վատիկանի մէջ քովիտ 19- ի համար յատուկ յանձնախումբի նախագահը եւ միեւնոյն յանձնախումբի տնտեսական եւ անվտանգութեան հարցերու  կապուած բաժանմունքներու պատասխանատուներ։

Կարդինալ Թուրքսոն իր ելոյթին մէջ ընդգծեց, թէ համաշխարհային Բ պատերազմէն ետք, աշխարհը կը դիմագրաւէ ամենամեծ մարդկային տագնապներէն մին։ Ան նկատել տուաւ ,որ մինչ՝ աշխարհը կը որդեգրէ հրատապ միջոցառումներ՝ դիմագրաւելու համար համավարակի ու ասկէ յառաջացած տնտեսական տագնապները,աշխարը  պէտք է որ  հաշուի առնել նաեւ նշեալ փոխկապակցուած ճգնաժամերուն հետեւանքները խաղաղութեան գործընթացին վրայ,  աւեցնելով որ այս առնչութեամբ Վատիկանի Քովիտ 19 ի համար ստեղծուած յատուկ յանձնախումբը, յատուկէն անվտանգութեան եւ տնտեսականութեան աշխտանքային խմբակները, աշխատանք  կը տանին քննարկելու համար Քովիտ 19-ի կապուած խաղաղութեան գործընթացին արգելք հանդիսացող հարցերը։

Կարդինալ Թուրքսոն ապա բոլորին ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը կէտեր։ Ան նախ նկատել տուաւ, որ համաճարակի ճգնաժամին ամենէն շատ թիրախ են աղքատները, մեկուսացեալները, հակամարտութիւններուն զոհերը, դիտել տալով որ առողջապահական, ընկերային, տնտեսական եւ բնապհապնողական տագնապները, ոչ միայն ընդլայնեց աղքատներու եւ հարսուստներու միջեւ տարբերութիւնը, այլեւ տարբերութիւն ստեղծեց խաղաղ եւ բարգաւաճ  երկիրներու, ու  հակամարտութեան գօտիներուն մէջ գտնուող երկիրներու միջեւ։

Կարդինալ Թուրքսոն  շեշտեց, որ վերոնշեալ բոլոր հարեցրերուն միակ լուծումն  է հակամարտութիւններու դադրեցումը ինչպէս նաեւ անհաւաասրութեան եւ անարդար արաքներու կասեցումը, ընդգծելով որ պատերազմներն ու աղքատութիւնը իրարու զօդուած իրողութիւն մըն է ,որ արգելք կը հանդիսանան  խաղաղութեան  կերտման ու կը խթանեն  մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն,  ինչպէս նաեւ համընդանուր զարգացման արգիլման։

Կարդինալ Թուրքսոն ի վերջոյ ողջունեց ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի համաշխարհային կրակմարի կոչը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2020, 13:05