Որոնել

Կարդինալ Փարոլիին Կարդինալ Փարոլիին 

Լուրտի Սրբավայր. 15 օգոստոսի պատարագը Կարդինալ Փարոլինի նախագահութեամբ։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, 15 օգոստոս 2020-ին Լուրտի մէջ պիտի մատուցէ Վերափոխման տօնի Սուրբ Պատարագը։ Այս մէկը համաճարակի սկիզբէն ի վեր կը հանդիսանայ Իտալիոյ սահմաններէն դուրս Պետքարտուղարի առաջին ճամբորդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի Լուրտի ազգային ուխտագնացութիւնը տեղի կ՛ունենայ առանց հիւանդ հաւատացեալներու մասնակցութեան, ի տես Քովիտ19 համաճարակին եւ անոր առընչուող առողջապահական անվտանգութեան ուղիով առնուած որոշումներուն։  Սակայն բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են հեռակապով մասնակցելու Լուրտի Սրբավայրին մէջ կայացած 15 օգոստոսի Սուրբ Պատարագին, զոր պիտի մատուցէ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիերթրօ Փարոլինը։

Այս պիտի հանդիսանայ Պետքարտուղարին Լուրտի Սրբավայր կատարած երրորդ այցը՝ Պետական Քարտուղարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնելէն ետք, 2013 թուակկանին։ Ան Սրբավայրը այցելած էր 2017-ին, որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, գլխաւորելու համար հիւանդներու համաշխարհային օրը, ապա 2018-ին Սուրբ Ֆրանսուա Տէ Սալէսի նուիրուած օրերուն առթիւ։

Լուրտ ժամանելէն առաջ Սուրբ Աթոռի թիւ մէկ դիւանագէտը՝ 4 օգոստոսին, պիտի այցելէ նաեւ Սուրբ Քիւրէ Տարսին՝ Արս քաղաքը, Սուրբին տօնին առթիւ, ուր առաւօտեան պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ մինչ յետմիջօրէին նախատեսուած է Անոր բանախօսութիւնը  «Ֆրանչիսկոս Պապը եւ քահանաները, Աստուծոյ ժողովուրդին ուղեւորութիւնը» նիւթին շուրջ։

Արս կեցութեան առթիւ Կարդինալ Փարոլինը բացումը պիտի կատարէ նաեւ Քոնկոլացի Կարդինալ՝ Էմիլի Պիյենտայի նուիրուած մէկ մասնաճիւղին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 07:21