Որոնել

Աղօթքի հսկումի լուսանկար Աղօթքի հսկումի լուսանկար 

«Խաղաղ համակեցութիւն» աղօթքի հսկում Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասթեւրէ եկեղեցիէն ներս։

Աղօթքի հսկումին կը նախագահէ «աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի» քահանայապետական ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Քեւին Ժոզէֆ Ֆարել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան եւ երկրին մէջ տիրող սուր կացութեան, ուրբաթ, 5 յունիսին՝  երեկոյեան ժամը 7,00 ին, Հռոմի Սանթա Մարիա Ին Թրասեթեւրէ եկեղեցիէն ներս տեղի կ՝ունենայ «Խաղաղ համակեցութիւն»խորագիրով աղօթքի հսկում, նախագահութեամբ, «Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի քահանայապետական ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Քեւին Ժոզէֆ Ֆարելիին։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքի հսկումը կազմակերպած է Սան Էճիտիոյ հասարակութիւնը, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին վերջին հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ըրած կոչին, որուն մէջ Սրբազան հայերը նշեց «թէ անհանդուրժելի է ցեղապաշտութիւնը, սակայն չէ կարելի աչք խփել ցեղապաշտութեան որեւէ մեղքի դիմաց.  բռնութեամբ ոչ մի բան կը շահինք այլ շատ բան կը կորսնցնենք։

Յայտնենք, թէ 

աղօթքի հսկումին կարելի է առցանց հետեւիլ «Սան էճիտիօ» Հասարակութեան դիմատետրէն։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2020, 09:13