Համաշխարհային առցանց հանդիպում, կենսոլորտի միջազգային օրուան առիթով։
Քահանայապետական «Սքոլաս Օքուրենթես» կազմակերպութեան առցանց երիտասարդներու հանդիպում ձեռնարկ՝ կենսոլորտի միջազգայի օրուան առթիւ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Նախաձեռնութեամբ քահանայապետական «Սքոլաս Օքուրենթես» հիմնարկին, ուրբաթ, յունիս, 5-ին, կենսոլորտի միջազգային օրուան առիթով, Համաճարակի ճգնաժամին ծիրէն ներս, տեղի կ՝ունենայ երիտասարդներուն, ծնողներուն, ուսուցիչներուն, համաշխարհային առցանց հանդիպում՝ յետմիջօրէին ժամը 3- էն սկսեալ։
Առցանց համաշխարհային հանդիպում ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կառավարական, մարզական , արուեստի աշխարհէն յայտնի անձնաւորութիւններ։ Այդ օրը նախատեսուած է ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը ձեռնարկի մասնակիցներուն։
Այս մասին կը հաղորդէ քահանայապետական վերոնշեալ հիմնարկը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
04/06/2020, 08:46