Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի քաղաքի հանրային գործերու պայմանագրերու թափանցիկութեան եւ մրցակցութեան հայող ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակի հրապարակումի լոյսի ներքոյ, 29 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետորսի գործարանի արտակարգ յանձնակատար նշանակեց Պապական նուիրակ, գերապայծառ Մարիօ Ճորտանան, անոր յանձնելով սահմանադրութիւնները վերատեսելու, թարմացնելու ու յստակացնելու պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Պետրոսի գործարանի տնտեսութեան գրասենեակը վերակազմակերպելու պաշտօնը։
Այս մասին հաղորդեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի նաեւ, որ ֆրանչիսոս Պապ սոյն որոշումը կայացուցած է, ընդհանուր վերաքննիչի գրասենեակի կողմէ Սուրբ Պետրոսի գործարանի մէջ կարգ մը փաստաթուղթերու յայտնաբերումէն ետք ։