Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Շէյխ Մոհամմէտ Պին Զայէտ պին Սուլթան Ալ Նահիան Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ապու Տապիի գահաժառանգ Շէյխ Մոհամմէտ Պին Զայէտ պին Սուլթան Ալ Նահիան  

Մարդկային եղբայրութիւն։ «Զօրակցութեան նոր երթուղի». Ապու Տապիէն օգնութիւններ Ամազոնին։

50 դոն բժշկական սարքեր պատրաստ ուղարկուելու Ամազոնի տարածաշրջան։ Ձեռնարկը պտուղն է Վատիկանի, եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Դաստիարակութեան Նախարարութիւններու համագործակցութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զօրակցութեան նոր երթուղի» մը կը բացուի Քովիտ19 ժահրի բերումով միշտ աւելի դատարկ երկնքի մը մէջ, որ Ապու Տապին կը միացնէ Լիմային եւ Փերուին։

Հինգշաբթի՝ 25 Յունիսին, 50 թոն բժշկական սարքերով օդանաւ մը Ապու Տապիի օդակայանէն կ՛ուղղուի դէպի Լիմա՝ Փերուի մայրաքաղաք, որտեղէն ապա ապրանքները փոխադրակառքով կը փոխադրուին Ւքուիթոս՝ 400 հազար բնակչութիւն ունեցող  քաղաք մը, որ կը գտնուի Ամազոնի ափերուն վրայ։

«Դիմակներ, ձեռնոցներ, շնչառութեան գործիքներ ու ուտեստեղէններ պիտի յանձնուին տեղական եկեղեցիներուն. որոնց միջոցաւ պիտի բաժնուին տեղական բժշկական ու դաստիարակչական  հաստատութիւններուն ու ընտանիքներուն»։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Gravissimum Educationis» Քահանայապետական հիմնարկի կողմէ, որ կը գործէ Սուրբ Աթոռի Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կողքին։

Ապու Տապիի իշխան Շէյխ Մոհամմատ Պին Զայետը համապատասխանելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին օգնութեան հասնելու աշխարհի աղքատ ժողովուրդներուն ՝յանձն առաւ նուիրել բժշկական սարքերը։

Համագործակցութիւնը ձեռնարկուած է  2019-ի Փետրուարին  Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած «վասն համաշխարհային խաղաղութեան եւ համակեցութեան մարդկային Եղբայրութեան  փաստաթուղթի»  լոյսին տակ

«Համայն ժողովուրդներ չեն դիմագրաւեր միայն համաճարակային հարցը  այլեւ աղքատութիւնը, զոր մեկուսացումը աւելիով սրացուց» յայտնեց այս առթիւ  «Gravissimum Educationis» հիմնարկի ընդհանուր  քարտուղար գերապայծառ Թիվիերժը, դիտել տալով՝ որ այդ մարդոց առաջնահերթ հարցը՝ վերապրիլն է եւ ասոր համար «հարկաւոր լրացնել  հիմնական կարիքները (սննդի և առողջութեան) ապա կրթական կարիքները։ Մօտեցում մը որ կը բանայ համապարփակ կրթութեան ճանապարհը»  ըսած է միշտ գերապայծառ Թիվիերժը։

Յայտնենք թէ Gravissimum Educationis, Քահանայապետական հիմնարկը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 28 Հոկտեմբեր 2015-ին։ Անոր առաջնահերթ գործունէութիւնն է թիկունք կանգնիլ նորարական ծրագիրներուն, ներդրում կատարել «որակի» վրայ, խթանել գիտական ​​ուսումնասիրութիւնները և նպաստել կրթական հաստատութիւններու միջև առցանց համագործակցութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 07:51