Որոնել

Migranti: altri due sbarchi a Lampedusa, in 136 sul molo Migranti: altri due sbarchi a Lampedusa, in 136 sul molo 

Հովուական ծառայութեան ուղեցոյց տեղահանուածներու ի նպաստ։

Հիւրընկալութիւն եւ պաշտպանութիւն հովուական ծառայութեան ուղեցոյցը՝ տեղահանուածներուն դիկունք կանգնելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 մայիսին ներկայացուեցաւ Սուրբ Աթոռի Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքի տեղահանուածներու հոգհոգուոցի հայող ուղեցոյցը, սատարելու համար «առաքելութեան» եւ աւելի նպատակայարմար օժանդակութիւն մը բերելու բոլոր անոնց որոնք կ՚ապրին գոյութենականութեան ծայրամասերուն վրայ՝ որոնք կարիքն ունին լսուելու, պաշտպանուելու եւ ընկերութեան մէջ ներգրաւուելու։

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ l’Internal Displacement Monitoring Centre (IDMC) կենդրոնին, 2018 թուականին աշխարհի շուրջ տեղահանուածներու թիւը կը հասնէր 41,3 միլիոնի։ Սա ցարդ արձանագրուած մեծագոյն թիւն է։

Հրապարակած փասթուղթին մէջ կը կարդանք, թէ «միջազգային հասարակութեան միջամտելու դժուարութիւնը եւ մամուլի եւ ընդհանրապէս ընկերութեան հետաքրքրութեան բացակայութիւնը շատ անգամ պատճառած է որ տեղահանուածները մոռցուին՝ աւելցնելով անոնց խոցելիութիւնը եւ արգելք հանդիսանալով որ անոնց կարիքները պատշաճ կերպով ճանչցուին եւ անոնց գոհացում տրուի։» Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար Եկեղեցին կը քաջալերէ «տեղեկատուական միջոցները եւ ընկերութիւնը որ արթնցնեն հասարակութեան կարծիքի զգայնութիւնը»։ Փաստաթուղթը կը մեղադրէ մարդավաճառութիւնը որուն զոհ են տեղահանուածները եւ կոչ կ՚ուղղէ որ մարդասիրական գործունէութիւն կատարողները պաշտպանուին։ Իբր պատճառ տեղահանումներու մատնանիշ կ՚ըլլան «ցեղային հակամարտութիւնները» եւ դիմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրը, Եկեղեցին կոչուած է «աշխատանք տանելու ի նպաստ հաշտութեան, փոխադարձ ընկալումի եւ յարգանքի ՝ ցեղային խմբաւրումներու միջեւ, սատարելով յիշողութեան բուժման, ինչպէս նաեւ ուղիղ հաղորդակցութեան եւ բռնութենէ զուրկ կեանքի ոճի մը որդեգրումին»։

Այլ կարեւոր քայլ մըն է տնտեսական ներգրաւումը, որ նաեւ պէտք է իրականանայ տեղական Եկեղեցիներու զօրացումով եւ միջոցներու մատակարարումով, որպէսզի անոնք կարենան օգտուիլ դրամական միջոցներէ, որոնք քաղաքային հասարակութեան կազմակերպութեան կը տրամադրուին թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ազգային մակարդակի վրայ։ Անոնք կոչ կ՚ուղղեն բոլոր խնդրոյ առարկայ մասնակիցներուն, որ մշակեն միջոցառումներ եւ մեքանիզմներ, քննարկելու համար տեղահանուածներու վերադարձի կարելիութիւնը։

Վերջապէս, փաստաթուղթը կը մաղթէ, որ կաթողիկէ դերակատարներու միջեւ ըլլայ գործունէութեան համադրում ինչպէս նաեւ համամիութենական եւ միջկրօնական համագործակցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2020, 11:49