Որոնել

Արարչութիւն Արարչութիւն 

Հրաւէր Կաթողիկէներուն մասնակցելու «Արարչութեան Ժամանակ»ին։

«Արարչութեան Ժամանակը մեզի նուիրուած հնարաւորութիւն է աշխատելու մեր Մայր Հողի վերականգումի ինչպէս նաեւ մեր անոր հետ այնքան արժէքաւոր յարաբերութեան նորոգումի ուղիով» կը հաստատէ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վատիկանեան բաժանմունքը.
Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 Մայիսին՝ իր աւարտին հասաւ« Գովեալ Ըլլաս»ի նուիրուած շաբաթը, որ հռչակուած է Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքի կողմէ, Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի հրատարակման հինգերորդ տարեդարձին առթիւ։ Շաբաթը ապա մեկնարկ հանդիսացաւ «Գովեալ Ըլլաս»ի յատուկ տարուան որ սկիզբ առաւ 24 մայիս 2020-ին եւ պիտի աւարտի 2021-ի նոյն թուականին, որուն ընթացքին նախատեսուած են զանազան միջոցառումներ, ներառեալ «Արարչութեան Ժամանակ» ձեռնարկը։

Ունկնդրէ լուրը

Արարչութեան Ժամանակը տարեկան համամիութենական ձեռնարկ մըն է որ կը քաջալերէ հաւատացեալները աղօթելու եւ գործելու ի նպաստ մեր հասարակաց տան։ Ան ամէն տարի սկիզբ կ՛առնէ սեպտեմբերի մէկէն՝ Արարչութեան խնամքի աղօթքի համաշխարհային օրը եւ վերջ կը գտնէ  4 հոկտեմբերին՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի տօնին օրը։

«Արարչութեան Ժամանակը մեզի նուիրուած հնարաւորութիւն է աշխատելու մեր Մայր Հողի  վերականգումի  ինչպէս նաեւ մեր անոր հետ այնքան արժէքաւոր յարաբերութեան նորոգումի ուղիով» յայտարարած է այս առթիւ  Մարդկային Համապարփակ Զարգացուի ծառայութեան բաժանմունքի քարտուղարը Գերապայծառ Պրունօ Մարի Տիւֆֆէ, որ նամակ մը յղած է համայն կաթողիկէ աշխարհին, հրաւէր ուղղելով մասնակցելու «Արարչութեան Ժամանակ» ձեռնարկին։

Նամակը զօրեղ կոչ մըն է Եկեղեցւոյ՝ միանալու «համամիութենական ընտանիքին, տօնախմբելու համար՝ «Արարչութեան Ժամանակը» որ այս տարի ունի յատուկ նշանակութիւն, քորոնվիրուսի համաճարակի լոյսին տակ։ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքը այս օրերուն գործի լուծուած է համընդհանուր պատասխան մը մշակելու համար, դիմագրաւելով ըլլայ ներկայի տառապողներու անմիջական կարիքները, ըլլայ նաեւ երկար տեւողութեամբ պահանջները, աւելի արդար ընկերութեան մը կառուցումին համար։

 22 ապրիլ 2020 ընդհանուր  ունկնդրութեան ընթացքին՝ Մայր Հողի Համաշխարհային 50-րդ օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած էր. «քորոնաժահրի համաճարակի ողբերգութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ միայն միասին ու մեր վրայ կրելով աւելի դիւրաբեկներուն բեռը, կարող ենք դիմագրաւել եւ յաղթահարել համընդհանուր  մարտահրաւէրները»։

Արարչութեան Ժամանակի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններուն համար դիմել  seasonofcreation.org

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2020, 18:08