Որոնել

Ամազոնեան տարածաշրջանի բնակիչներ Ամազոնեան տարածաշրջանի բնակիչներ 

Համ Ամազոնեան եկեղեցական ցանցի կոչը օգնութեան հասնելու Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդներուն։

Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ քորոնա ժահրի ամենէն շատ թիրախ են խոցելի անձերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ  քորոնա ժահրի համաճարակի արագ տարածան, որ ամենէն շատ կը հարուած  խոցելի անձերը  եւ ի տես տարածաշրջանի մէջ բախումներու թիւի աճումին, համ ամազոնեան եկեղեցական ցանց կազմակերպութիւնը  յայտարարութեամբ մը կոչ ուղղեց  օգնութեան հասնելու բնիկ ժողովուրդներուն՝   խուսափելու համար մարդակին եւ բնապահպանողական հսկայ աղէտներէն։ Նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդները եկեղեցիէն կը խնդրեն որ անոնց դաշնակիցները դառնան  ու թիկունք կանգնին ՝ զօրակցելով ապագայի ծրագիրներուն կերտման,  համաճարակի այս դժուար ժամանակահատուածին։ Այս մասին նշած է Համ Ամազոնեան  եկեղեցական ցանց կազմակերպութեան նախագահ,  կարդինալ  Քլաուտիօ Հումմէս։

Հա ամազոնեան եկեղեցական ցանցի կոչին մէջ եպիսկոպոսները խնդրած են, որ  մարդկային իրաւունքներու միջազգային հաստութիւնները եւ գիտական հասարակութիւնները ու  բարին կամք  ունեցող մարդիկ իրենց ուժերը միացնեն ու օգնութեան հասնին, պաշտպանելու համար Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդներն ու  տարածաշրջանին բնական գեղեցկութիւնները։։

Ամազոնեան տարածաշրջանի եկեղեցական ցանցի յայտարարութեան մէջ յիշուած նաեւ  ֆրանչիսկոս Պապի   համաշխարհային զօրակցութեան կոչը,  որուն մէջ սրբազան հայր նշած է«  Սա անտարբերութեան, բաժանումի եւ եսասիրութեան ժամանակ չէ։ Մեր դիմագրաւած տագնապը պէտք չէ, որ մէկ կողմ ձգէ հրատապ այլ կացութիւնները, որոնք այլ ցաւ կը պատճառեն տառապող անձերուն։

Նշենք, թէ կաթողիկէ եկեղեցին կը շարունակէ իր հոգեւոր եւ բարեսիրական գործունէութիւնները՝ տեղական քարիթասի միջոցաւ, տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներուն ի սպաս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2020, 12:08