Որոնել

Վատիկանի Թանգարանները Վատիկանի Թանգարանները 

Հանրութեան առջեւ կը վերաբացուին Վատիկանի թանգարաններն ու քահանայապետական պալատներն ու պարտէզները։

Ռաֆայելլոյի մահուան 5-րդ դարադարձին առիթով վերանորոգուած են աշխարհահռչակ արուեստագէտին դահլիճներէն մին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաճարակի առողջապահական արտակարգ իրավիճակի պատճառով գրեթէ երեք ամիս փակ մնալէ ետք Վատիկանի Թանգարանները կը վերաբացուին հասարակութեան առջեւ։ Մէկ յունիսէն կարելի է այցելել Վատիկանի թանգարանները ապահով պայմաններու մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Գրեթէ երեք ամիս փակ մնալէ ետք Վատիկանի թանգարանները վերջապէս կը վերաբացուին շատ մը նորութիւններով։ Վերանորոգուած են Թանգարանի Ռաֆայէլլոյի չորս դահլիճներէն Կոստանդիանոս անուան դահլիճը ինչպէս նաեւ այլ սրահներ, Ռաֆայելլոյի մահուան  5-րդ դարադարձին առիթով։ »Այս մասին հաղորդեց թանգարաններու տնօրէնուհի Պարպարա Ժաթթան։

Թանգարանի փոխ տնօրէնի փոխանցմամբ մէկ յունիսէն կարելի է այցելել Վատիկանի թանգարանները յարգելով հեռաւորութեան եւ եւ առողջապահական անվտանգութեան բոլոր պայմանները։ Թանգարաններուն մուտքին, պիտի քննուին այցելուներուն մարմնի ջերմաստիճանը ու առանց դիմակներու չէ կարելի մուտք գործել թանգարան։

Թանգարաններուն մէջ հանրութեան տրամադրութեան տակ պիտի գտնուին հիւանդապահներ ու բժիշկներ։
Ինչ կը հայի մուտքի տոմսերուն  կարելի է ապահովուել լոկ www.museivaticani.va. կայքէջին միջոցաւ։

Յայտնենք թէ Վատիկանի թանգարաններէն զատ հանրութեան առջեւ պիտի վերաբացուին նաեւ Քահանաապետական պալատներու հիանալի պարտէզներուն դռները ՝միայն շաբաթ եւ կիրակի օրերը,  առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ  մինչեւ երեկոյեան ժամ 6։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 11:30