Որոնել

Մզկիթի մը  լուսանկար Մզկիթի մը լուսանկար 

Ռամատանի եւ Ալ Ֆիթր տօնի առթիւ Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի պատգամը։

Ռամատանի ամիսը եւ Ալ Ֆիթրի տօնը առիթ են իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրութեան խթանման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահ, Կարդինալ Միկէլ Անժէլ Այուզօ Կիզօ, Ռամատանի եւ Ալ Ֆիթր տօնին առիթով յղեց պատգամ մը որուն սկիզբը նկատել տալով որ Ռամատանի ամիսը, ըլլայ իսլամներու ու իսլամ կրօնքի համար կարեւոր ամիս մըն է  առիթ նկատած է  նաեւ հոգեւորական ամոքումի, եղբայրական աճումին, հարազատներու եւ բարեկամներու միջեւ անկեղծ կապերու ամրապնդումի առիթ։

Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական խորհուրդի նախագահը պատգամին մէջ նշած է, թէ Ռամատանի ամիսը քրիստոնեաներուն համար բերրի ժամանակաշրջանն է ամրապնդելու համար իսլամներու հետ յարաբերութիւնները, ողջոյններու եւ հանդիպումներու միջոցաւ, ուր որ կարելի է։ Առիթ է նաեւ խթանելու  իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրութիւնը։

Կարդինալ Այուզօ Կիսօ անդրադառնալով ապա վերջերս պաշտամունքի վայերու դէմ կատարուած յարձակումներուն, ընդգծած է ,որ պաշտամունքի վայրերը,  յոյժ կարեւոր են ըլլայ քրիստոնեայ ,ըլլայ իսլամ  կամ այլ կրօններու համար։ Եկեղեցիներու, տաճարներու, մզկիթներու պաշտպանութիւննը  պարտականութիւն մըն է, որ երաշխաւորուած է  կրօններու, մարդկային արժէքներուն, օրէնքներու եւ միջազգային համաձայնագիրերու կողմէ։ Պաշտամունքի վայրերու դէմ կատարուած ամէն յարձակումի փորձ,  կամ զանոնք ահաբեկչական արարքներով՝ պայթումներով,քանդումներով որեւէ սպառնանք կը նկատուին կրօնական ուսուցումներէն շեղում , ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի յստակ խախտում ինչպէս նշուած է մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին մէջ։

Ի վերջոյ Պատգամին մէջ միջ կրօնական խորհուրդի նախագահը մաղթած է, որ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ փոխադարձ յարգանքը, համագործակցութիւնը առաւել եւս ամրապնդէ բարեկամական անկեղծ յարաբերութիւնները  եւ երկու հասարակութիւնները  կարենան պաշտպանել իրենց  պաշտամունքի վայրերը, որպէսզի ապագայ սերունդները կարենան իրենց հաւատքը դաւանեն ամենայն ազատութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2020, 10:45