Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Պաղեստինեան հարց։ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ երկու ազգ երկու Պետութիւն լուծումը։

Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր հեռախօսազրոյց ունեցաւ Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գլխաւոր բանակցող Տիար Սաէպ Էրէքաթին հետ.

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը  կը վերահաստատէ թէ միջազգային օրէնսդրութեան եւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու յարգանքը՝ անփոխարինելի տարր է որպէսզի երկու ժողովուրդները կարողանան կողք կողքի ապրիլ, երկու պետութիւններու մէջ, ընդ որում 1967 թուականէն առաջ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն ներքոյ»։  Այս կը կարդանք չորեքշաբթի 20 մայիս 2000-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը նշուի թէ Վատիկանի՝ Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց Քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր հեռախօսազրոյց ունեցաւ Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար եւ գլխաւոր բանակցող Տիար Սաէպ Էրէքաթին հետ. որ Սուրբ Աթոռին փոխանցեց Պաղեստինեան հողերուն վրայ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ այն լուրեր այն կարելիութեան մասին, որ Իսրայէլեան  ինքնիշխանութիւնը միակողմանիօրէն կիրարկուի տարածքներու որոշ մասերու վրայ, ինչ որ կարող է աւելիով  խաթարել ու վտանգի ենթարկել  խաղաղութեան գործընթացը:

Սուրբ Աթոռը, նշուած է միշտ Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուշադրութեամբ կը հետեւի իրավիճակին, մտահոգութիւն արտայայտելով այն գործողութիւններու վերաբերեալ, որոնք կարող են հետքային վտանգի ենթարկել երկխօսութիւնը, մաղթանք յայտնելով որ իսրայէլացիներն ու  պաղեստինցիները   կարողանան նորէն եւ շուտով  գտնել կարելիութիւնը՝  ուղղակիօրէն բանակցելու համաձայնութիւն մը,  Միջազգային Հասարակութեան օգնութեամբ, որպէսզի խաղաղութիւնը վերջապէս իշխէ Սուրբ Երկրին մէջ, որ այնքան սիրուած է հրեաներէն, քրիստոնեաներէն եւ իսլամներէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2020, 13:42