Որոնել

Աստուծոյ ծառայ Մաթթէօ Ֆարինա Աստուծոյ ծառայ Մաթթէօ Ֆարինա 

Նոր Աստուծոյ ծառաներու հրամանգիրերը որոնց շարքին 18 ամեայ իտալացի երիտասարդ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապին արտօնութեամբ հրապարակուեցան Սուրբերու դատի ժողովի հինգ Աստուծոյ ծառաներու սրբադասման դատի հայող հրամանագիրերը։

Երեքշաբթի, մայիս 5-ին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Անճելօ Պեչուն։ Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը, ծիրանաւորին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններու սրբադասման դատի հայող  հրամանագիրերը։
Նշենք, թէ Աստուծոյ ծառաներուն շարքի են երեք քահանաներ, մէկ երիտասարդուհի  եւ Մաթթէօ Ֆարինա անուամբ իտալացի երիտասարդ մը որ վախճանած է 2009-ին։

Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչէսքօ Քարուզոյին մարտիրոսական առաքինութիւնները։ Հայր Ֆրանէսքօ ծնած էր Իտալիոյ Կասբերինա քաղաքին մէջ 7 դեկտեմբեր 1879ին ուր վախճանած է 18 հոկտեմբեր 1951ին։

Աստուծոյ ծառայ Քարմելօ Տէ Փալմայի մարտիրոսական առաքինութիւնները։  Հայր Քարմելօ ծնած է Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ 27 յունուար 1876-ին։ Ան որպէս քահանայ անդամ էր Պարի քաղաքի թեմին։ Հոգին աւանդած է առ Աստուած 24 օգոստոս 1961ին։

Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչէսքօ Պառէչէկուրեն Մոնթակութ։ Ան ծնած է 21 օգոստոս 1881ին Սպանիոյ մէջ եւ վախճանած է 7 հոկտեմբեր 1957ին։ Ան եղած է Սուրբ Փրկիչ միաբանութեան։


Աստուծոյ աղախին Մարիա Տէ Լա Քոնսէփսիոն ի Կարսիա։ Աշխարական Քոյր Մարիա ծնած է Սպանիոյ մէջ 27 նոյեմբեր 1905ին, վախճանած է 13 մայիս 1927ին։

Աստուծոյ ծառայ Մաթթէօ Ֆարինա մարտիրոսական առաքինութիւններ։  Ան ծնած  է 19 սեպտեմբեր 1990-ին,  Իտալիոյ Աւելլինօ քաղաքին մէջ եւ վախճանած է Իտալիոյ Պրինտիզի քաղաքին մէջ 24 ապրիլ 2009-ին։

Յայտնենք, թէ Քորոնա Ժահրի  կանխարգիլման միջոցառումներու պատճառաւ, Սուրբերու դատի ժողովի որոշումով, մայիս , յունիս ամիսներուն կայանալիք սրբադաստումի արարողութիւններ  յետաձգուեցան մինչեւ անյայտ թուական։ Այս առնչութեամբ, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացին սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Պեչչուն նշեց,  թէ Երանացումը ժողովուրդէն կը սկսի եւ եւ ասոր համար կարելիէ չէ երանացումի արարողութիւնները առցանց կատարել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2020, 15:00