Որոնել

Քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար դիմակներով ծածկուած հիւանդապահներ Քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար դիմակներով ծածկուած հիւանդապահներ 

Պսակաձեւ ժահրը առիթ է այլ տեսակ տնտեսութեան մը։

Գովեալ ըլլաս շրջաբերականին 5-տարեդարձին առիթով աւելի քան 42 կրօնական հաստութիւններ յայտարարեցին, որ կը հրաժարին հանքային վառելանիւթեր արտադրելու մէջ ներդրում կատարելէ եւ պետութիւններէն կը խնդրեն, որ զարգացնեն ու վերականգնեն իրենց երկիրներուն տնտեսութիւնը նուազեցնելով ածուխի արտադրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին 5-տարեդարձին առիթով աւելի քան 42 կրօնական հաստատութիւններ յայտարարեցին, որ կը հրաժարին հանքային վառելանիւթեր արտադրելու մէջ ներդրում կատարելէ եւ պետութիւններէն կը խնդրեն, որ զարգացնեն ու վերականգնեն իրենց երկիրներուն տնտեսութիւնը նուազեցնելով ածուխի արտադրութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ի տես բնապահպանութեան նուիրուած «Գովեալ Ըլլաս» ֆրանչիսկոս Պապի  շրջաբերականին 5-տարեդարձին, 42 կրօնական հաստատութիւններուն վերոնշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բազմաթիւ կաթողիկէ հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ այլ դաւանանքներ։

Անկլիքան Քրիստոնեայ Operation Noah կազմակերպութեան վերջին զեկոյցին մէջ կը նշուի, թէ քորոնա ժահրի պատճառած առողջապահական եւ ընկերային տնտեսական հարցերուն հետեւանքով, հասարակաց տան խնամքի նիւթը անտեսուելու վտանգի տակ  կը գտնուի։ Վառելանիւթի միջազգային մեծ ընկերութիւններ ցարդ յարգած չեն Փարիզի կլիմայի հայող պայմանագիրը։

Մինչ՝ կրօնական  բազմաթիւ հաստատութիւններ արդէն իսկ հրաժարած են հանածոյ նիւթեր մշակելու ներդրումէն։
Միայն վերջին ամսուան մէջ, աւելի քան 21 կաթողիկէ ընկերութիւններ ստորագրեցին Catholic Impact Investing Pledge, պայմանագիրը, որ կայանայ յարգելու մէջ կաթողիկէ ուսուցումները, որոնք կը հային կենսոլորտի պաշտպանութեան եւ ընկերային արդարադատութեան։

Միջ կրօնական միասնական վերոնշեալ ծրագիրը քաջալերանք է աշխարհի բոլոր պետութիւններու զարգացնելու քաղաքականութիւն մը, որ հակառակ քորոնա ժահրի պատճառած հետեւանքներուն  կը միտի բնապահպանութեան եւ հասարակաց տան խնամքին։

Անկլիքան եկեղեցւոյ պատասխանատու, վերապատուելի Ռովան Վիլիամսիի համաձայն քորոնա ժահրի փորձառութիւնը դաս մըն է, որմէ կարելի է դաս քաղել նաեւ կլիմայի փոփոխութեան հայող ուսուցումներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2020, 12:16