Որոնել

Կարդինալ Աեուզօ եւ ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Աեուզօ եւ ֆրանչիսկոս Պապը 

Կարդինալ Աեուզօ.«14 մայիսի աղօթքը մեզ մէկ ընտանիք կը դարձնէ»։

Ես կը մտածեմ թէ մեր ապագան ըլլալու է Եղբայրութեան, խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան ապագայ»Կարդինալ Աեուզօ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջ կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Միկել Անճել Աեուզօ Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովին կողմէ  յառաջիկայ 14 մայիսին համար բոլոր կրօններու պատկան հաւատացեալներուն  առաջարկուած աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան միասնաբար Աստուծմէ հայցելու համար որ  մարդկութիւնը ազատէ քորոնավիրուսի չարիքէն։

«Վերոնշեալ աղօթքի օրուան միացան ոչ միայն կրօնական անձնաւորութիւններ այլեւ ընկերային ու քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներ  որոնց շարքին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր  քարտուղարը՝ Անթոնիօ Կութերէսը,  եւ այս մէկը ցոյց կու տայ թէ բոլորս մաս ենք միեւնոյն ընտանիքին, բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, հետեւաբար հարկաւոր է նաեւ՝ որ բոլորս միասին, տարբեր կրօններու պատկան հաւատացեալներ, ընկերային ու քաղաքական կեանքի պատասխանատուներ, միանանք միասնական աղօթքի եւ զօրակցութեան այդ պահուն, հայցելու համար համաճարակին աւարտը» յարեց Կարդինալ Աեուզօ մատնանշելով նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 3 մայիսին Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին այդ ուղղութեամբ ուղղած կոչը կը բացայայտէ այս պատմական պահուն տիեզերականութեան բնոյթը, որովհետեւ համաճարակը կը հայի բոլորիս ու անոր տիեզերական պատասխանը եւս պէտք է ըլլայ միասնական։

Կարդինալ Աեուզօ ապա նշեց թէ աղօթքի ու ծոմապահութեան հետ միասին առաջարկուած է նաեւ ողորմութեան ու եղբայրսիրութեան արարքներ կատարել ու այդ ընել միասնական հոգիով հոգ տանելով անոնց, որոնք կը գտնուին դժուարութեան ու կարիքի մէջ, անկախ անոնց կրօնական պատկանելիութիւնէն եւ զօրակցական հոգիով որոնել խաղաղութիւնը, յաղթահարելու համար այս մարդկայնական տագնապը։

«Մենք կը գտնուինք բացառիկ հնարաւորութեան մը դիմաց, այն է՝ մեր կրօնական աւանդութիւններուն մէջ արմատացնել այն անունը զոր կ՛ուզենք տալ մեր ապագային։ Եւ ես կը մտածեմ թէ մեր ապագան ըլլալու է Եղբայրութեան, խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան ապագայ» հաստատեց Կարդինալ Աեուզօ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2020, 09:25