Որոնել

ԵՀՕ հաւաք ԵՀՕ հաւաք 

ԵՀՕ հաւաքը եւ Ընտանիքներուն համաշխարհային հանդիպումը յետաձգուեցան։

Որոշումը առնուած է ի տես ներկայ առողջապահական իրավիճակին եւ անոր երիտասարդներուն ու ընտանիքներուն փոխադրութիւններուն վրայ ունեցող ազդեցութեան ու հետեւանքներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Քորոնավիրուսը համաճարակի տարածումին ի տես Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համաձայնութեամբ Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովին, յարմար նկատեց մէկ տարիով յետաձգել ըլլայ 2021-ին Յունիսին Հռոմի մէջ նախատեսուած Ընտանիքներուն Համաշխարհային հաւաքը, ըլլայ 2022-ի օգոստոսին Լիզպոնի մէջ նախատեսուած Երիտասարդներու Համաշխարհային հաւաքը, որոնք համապատասխանաբար տեղի պիտի ունենան 2022-ին եւ 2023ին»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունի որ կը բացատրէ նաեւ թէ որոշումը առնուած է ի տես ներկայ առողջապահական իրավիճակին եւ անոր երիտասարդներուն ու ընտանիքներուն տեղափոխութիւններուն վրայ ունեցող ազդեցութեան ու  հետեւանքներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2020, 18:26