Որոնել

«Մեռնիլ Տիրոջ մէջ» «Մեռնիլ Տիրոջ մէջ» 

«Մեռնիլ Տիրոջ մէջ». Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 5։

Յիսուսեան հոգեւորականը իր հինգերորդ տեղեկագիրին մէջ կը հաստատէ թէ Յիսուսին համար ոչ մէկ մահ մոռցուած է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 28 ապրիլին լոյս տեսաւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիրի հինգերորդ յօդուածը զոր ան նուիրեց մահուան նիւթին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մեզի թողած հոգեւոր ամենամեծ խորաթափանց գաղափարներէն մին եղաւ՝ մեզ խրախուսել վառ պահելու եւ վերակենդանացնելու պատմութեան ամենադաժան դարերէն՝ Ի դարու մարտիրոսներուն յիշատակը։

Աստուծոյ առջեւ յիշելով այդ բազմահազար հաւատքի վկաները, մղուեցանք անոնց հետ յիշել նաեւ այն անհամար զոհերը, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ողբերգական ձեւերով,  ծովու մէջ կամ ցամաքի վրայ, պատերազմի կամ  խաղաղութեան ընթացքին, հեռու մարդկային մխիթարութենէն…Զոհեր տմարդկային բռնութիւններու ու անիմանալի աղէտներու։

«Ցաւի զօրեղ ճիչ մը կը բարձրանայ երկրի ամէն մէկ անկիւնի փոշիներու լռութեան ընդմէջէն,  յիշելով միլիոնաւոր մոռցուած արարածները։Անոնց համար ու անոնց հետ միասին մենք ալ կ՛ուզենք բարձրացնել ողորմութեան աղերսի ճիչը» կը գրէ Հայր Լոպմարտի, մատնանշելով սիրտը ճմլեցնող Իտալիայի Լոմպարտիա շրջանի եկեղեցիներուն մէջ քով քովի շարուած հարիւրաւոր դագաղներուն ու Նիու Եորքի մօտակայքը գտնուող զանգուածային գերեզմանին, ինչպէս նաեւ այն բազմաթիւ տարեցներուն, որոնք այս վերջին ամիսներուն, մահացան մեկուսացման եւ առանձնութեան պայմաններուն մէջ։

Այս բոլորը մեզի հասկցնել տուաւ՝ թէ որքան արժէքաւոր է մօտութիւնն ու անկեղծ գորովը՝ դիւրաբեկութեան, ծերութեան ու հիւանդութեան ժամանակաշրջանին։ Սակայն մեզի մտածել տուաւ նաեւ՝  թէ ամէն մէկ մահ իր հետ կը բերէ առանձնութեան ոլորտ մը։

«Ի՞նչպէս կարելի է պատրաստուիլ այդպիսի պահուն», հարց տուաւ  Հայր Լոմպարտին, ակնարկելով մի քանի օրեր առաջ յիշատակուած Յիսուսին մահուան ու թաղման դէպքին՝ աւագ ուրբաթ գիշերը ու նաեւ աւագ շաբաթ օրը։ 

Յիսուսին մահը իսկական մահ մըն էր, ուր ան ապրեցաւ մարդոց կողմէ լքումը ու նեաւ Աստուծոյ խորհրդաւոր լքումը։ Բայց Յիսուսին յարութենէն ետք մահը առաջուան մահը չէ  այլեւս։ Այժմ կարելի է մահը ապրիլ Յիսուսին հետ, որ մեզի կը յայտնէ թէ Աստուծոյ սէրը աւելի զօրաւոր է մահուընէ... Մահը այլապէս կը դառնայ մեր Հօր ձեռքերուն մէջ հոգիին յանձնումը։ 

Մի քանի օրեր առաջ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին մէջ հրաւիրեց մեր հայեացքը ուղղել խաչելաին։ Անիկայ մեր հաւատքին ու քրիստոնէական կեանքին կեդրոնն է։ Անոնք որոնք տեսան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի այն պատկերը, երբ իր մահուընէ մի քանի օրեր առաջ,  աւագ ուրբաթ օրուայ Քոլլոսէումի մէջ կայացած  խաչի ճանապարհի ընթացքին, առաքելական պալատի  մատրան մէջ զօրեղ կերպով ձեռքերուն մէջ բռնած էր խաչը  ու կը հետեւէր այդ արարողութեան, չի կարող մոռնալ այդ դէպքը։

Չկայ այլապէս տարբեր  ձեւ մը պատրաստուելու մահուան եթէ ոչ՝ նայիլ խաչեալին, որ կը մեռնի մեզի համար ու մեզի հետ, ապա զայն ողջագուրել բոլոր սրտով։ Այդ պահուն է որ մահը կը կորսնցնէ իր վախցնող դիմագիծը ու թոյլ կու տայ նշմարել սիրոյ եւ ողորմութեան խորհուրդը։

Մահը կը հասնի նաեւ աշխարհիկ աշխարհին մէջ, կամ քորոնաժահրի կամ տարբեր ձեւերով։ Բայց չի մոռնանք՝ որ շնորհիւ Յիսուսին, մահը վերջին խօսքը չունի, այլ ամէն մէկ մահ, նոյնիսկ ամենէ մոռցուածն ու առանձնացածը, չի նշնակեր իյնալ ունայնութեան մէջ, այլ յանձնուիլ է՝ Հօր ձեռքերուն մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 14:30