Որոնել

Բժիշկներ, հիւանդապահ հիւանդապահուհիներ Բժիշկներ, հիւանդապահ հիւանդապահուհիներ 

«Կեանքը զոհաբերել». Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 3։

Երրորդ յօդուածին մէջ Հայր Լոմպարտին կը խօսի բժիշկներու, հիւանդապահներու եւ քահանաներու մասին որոնք իրենց զիրենք դրին հիւանդներու ծառայութեան տակ, մինչեւ կեանքի զոհաբերում։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այս ցաւի ու ողբերգութեան ամիսներու ընթացքին կայ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ ու հակառակ որ ցաւին վրայ ցաւ կ՛աելցնէ. ան կը մնայ աղբիւր հիացումիեւ ի վերջոյ նաեւ մխիթարութեան». Այսպէս կը սկսի իր «ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր թիւ 3», յօդուածը Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէնը՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, ակնարկելով այն մարդոց շարանին, որոնք իրենց վրայ կրեցին համաճարակին հետեւանքները, մինչեւ իսկ մահը, «որովհետեւ, կը գրէ Ան, վեհանձնութեամբ ու բոլոր ուժերով նուիրուեցան ուրիշներու ծառայութեան, ըլլայ ֆիզիկական ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ»։

«Արդար է առ այդ անոնց նուիրել բոլորիս կողմէ երախտագիտութեան տուրք մը։ Բժիշկներ, հիւանդապահներ, քահանաներ եւ կամաւորներ…համաճարակէն աւելիով հարուածուած շրջաններուն մէջ անոնց թիւը բարձր է, ոչ միայն հիւանդացածներուն  թիւը այլ նաեւ մահացածներուն թիւը». դիտել կու տայ Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէնը յօդուածին մէջ։

«Մեծ տառապանքի պահերուն կան ոմանք, որոնք կը հասկնան՝ թէ  մասնագիտական, կրօնական կամ անձնական կոչումով, կոչուած են իրենց կեանքը նուիրելու ուրիշներուն։ Եւ այդ կ՛ընեն մղուած սէրէն, որ աւելի ուժեղ է վախէն» կը նշէ Հայր Լոմպարտին, այս ուղղութեամբ ակնարկելով նաեւ 11 սեպտեմբեր 2001ին Նիու Եորքի երկորեակ աշտարակներու դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին, որուն ընթացքին մահացածներու շարքին էին 343 հրշէջներ, որոնք տիպար հանդիսացան շատերուն համար։ «Անոնց նման կան բազմաթիւ այլ մարդիկ, որոնք աղէտներու պարագային կը դիմեն զօրակցութեան անվերապահ արարքներու»կը հաստատէ հուսկ յօդուածագիրը, նկատել տալով որ «երբ մեծ տառապանք կայ, կայ նաեւ մեծ սէր։ Սէր մը որ պատրաստէ ինքզինք նուիրել առանց հաշիւներու, մինչեւ կեանքի զոհաբերում»։

«Կարծես մեծ ու խորհրդաւոր բան մը կայ ցաւի ու սիրոյ միջեւ կայացած յարաբերութեան մէջ։ Կարծես՝ թէ ցաւը այն տարածքն է ուր սէրը կարող է միշտ աւելիով աճիլ, շրջանցելով որեւէ կանխատեսում ու սպասում ու հասնելով բարձունքներ՝ ուր տեղ չկայ պատճառաբանութիւններուն եւ խօսքերուն, այլ սրտի մէջ կայ այրող  կրակ»։

«Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել» կ՛ըսէ Յիսուս ու մեզ կը հրաւիրէ անոր լոյսին ներքոյ հասկնալու իր չարչարանքները ու մենք մեզ դնելու այդ սիրոյ ուղիին վրայ։

Համաճարակը մեծ տառապանքի ժամանակ է, առիթ նաեւ մեծ սիրոյ։ Վիրուսը  փոխանցիկ է։ Սակայն սէրը եւս կարող է փոխանցիկ ըլլալ։ ։

11 սեպտեմբերի Նիու Եորքի հրշէջներու բազմաթիւ զաւակներ, երբ մեծցան, ուզեցին իրենք եւս դառնալ հրշէջ,  նմանելու համար իրենց հայրերուն, ծառայութեան մը մէջ՝ ուր պէտք է պատրաստ ըլլալ կեանքը տալու ուրիշներուն համար։

Բժիշկներու, հիւանդապահ հիւանդապահուհիներու օրինակը, օրինակը քահանաներուն, ու անոնց  որոնք իրենք զիրենք դրին հիւանդներու ծառայութեան տակ, կեանք զոհաբերելու տրամադրուածութեամբ, ամենակարեւոր դասերէն մին է, զոր այս ժամանակը պէտք է մեզի թողու։ Ասիկա թանկարժէք ոգին է բոլոր միւս դասերուն, որ պիտի փորձենք քաղել։ Առանց ասոր միւսներուն արժէքը ոչինչ է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 14:30