Որոնել

Կարդինալ Քրաժվեսքի երկաթուղիի կայարանին մօտ աղքատներուն հետ։ Կարդինալ Քրաժվեսքի երկաթուղիի կայարանին մօտ աղքատներուն հետ։ 

Առաքելական ողորմնաբաշխը Հռոմի աղքտաներուն կը բաշխէ հոգեւոր մխիթարութիւն, սննդեղէն եւ դիմակներ։

Համաճարակի այս ճգնաժամային օրերուն կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապին քնքշութեան, զօրակցութեան ժեսթերը, աղքատներուն, անօճակներուն նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 16 ապրիլին, յետմիջօրէին, առաքելական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնտրատ Քրաժեվսքին ուղղուելով Հռոմի  երկաթուղային գլխաւոր կայարան՝Թերմինի, այցելեց շրջանի մէջ գտնուող անօժախ, աղքատ, թափառական մարդոց, բաշխելով անոնց հոգեկան մխիթարութիւն, սննդեղէն եւ դիմակներ։

Ծիրանաւորի ընկերացող կամաւորին մը փոխանցմամբ,  աղքատներուն բաշխուեցաւ սննդեղէն օճառ, եւ պայուսակ որուն մէջ կարելի քնանալ, եւ ամենէն կարեւորը դիմակներ։

Աղքատները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին  Ֆրանչիսկոս Պապին իր  ցուցաբերած հոգատարութեան  համար, քնքուշ  ժեսթերուն, որ միշտ նեցուկ է  եւ իր սրտին  մէջ կը կրէ աղքատները, թափառականներն ու գաղթականները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 10:28