Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը Սուրբ Պետրոսի հրապարակը 

ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր. Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին տեսակէտը։

Այդ դատարկ հրապարակին վրայ կը բացայայտենք ներկայութիւնը սիրոյ, կարեկցութեան տառապանքի, սպասումներու եւ յոյսի հոգեւոր յարաբերութիւններու ու նաեւ ներկայութիւնը Սուրբ Հոգւոյն, որ կը միացնէ Քրիստոսի «Խորհրդաւոր Մարմինը» որ է Եկեղեցին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ռատիովատիկանի նախկին տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի մեզի կը ներկայացնէ ճգնաժամային սոյն օրերուն վերաբերող մտորումներ։

Ունկնդրէ լուրը

«Միլիոնաւոր մարդիկ Իտալիայէն եւ համայն աշխարհէն՝ հեռուստակայանի եւ հաղորդամիջոցներու սփռումներով հետեւեցան եւ կը շարունակեն հետեւիլ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած արարողութիւններուն ու աղօթքներուն։ Հանդիսատեսներու եւ հետեւողներու մակարդակը արտառոց է։  Թէեւ զարմանալի չէ ՝ որովհետեւ մեր ապրած ժամանակաշրջանը մեզ բնականօրէն կը մղէ ֆիզիկական մասնակցութիւնը ու ներկայութիւնը փոխարինելու լրատուամիջոցներու միջոցաւ հաղորդակցութեան։  Աւելին մեզ կը մղէ փնտռելու մխիթարութեան եւ սպասումներու խօսքերն ու պատկերները, որոնելու լոյսը՝ այս խաւարման ժամանակի ընթացքին ու քաջալերանքը՝ այս անորոշութեան վիճակին մէջ»։  Այսպէս կը գրէ ի մէջ այլոց  «ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն Տեղեկագիր» վերտառութեամբ՝ ամէն շաբաթ Վատիկան Նուզի էջերուն վրայ ներկայացնելիք  գրութիւնը՝ Վատիկանի նախկին տնօրէնը՝ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։

Ակնարկելով ապա Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուռէն, ուղիղ եթերով սփռուած առօրեայ պատարագներուն, Ան դիտել կու տայ թէ երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը տարիներ առաջ սկիզբ տուաւ այդ պատարագի սովորութեան, յարմար չէր նկատուած զայն հեռարձակել ուղիղ եթերով, որովհետեւ այդ մէկը նկատուած էր մտերմիկ աղօթքի պահ մը, վերապահուած խումբ մը հաւատացեալներուն։

Մինչ այժմ  իրավիճակը փոխուած է եւ Մատրան մէջ հաւատացեալներ չկան ու Քահանայապետը միայնակ կը մատուցէ պատարագը, սակայն անոր հետեւողներու թիւը չափազանց օրէն կը գերազանցէ այդ փոքր մարտան մէջ բովանդակուելիք հաւատացեալներու թիւը, որոնք այսպէսով առիթը ունին ընդունելու մխիթարական խօսքեր ու մասնակցելու սուրբ զոհին, որուն ընթացքին կը հրաւիրուին նաեւ կատարելու հոգեւոր հաղորդութիւնը, տրուած ըլլալով որ կարելիութիւնը չունին ընդունելու Յիսուսին Մարմինն ու Արիւնը։

«Մատուցած Խորհուրդը  միեւնոյնն է, սակայն անոր մասնակցութեան կերպը փոխուած է» կը նշէ Հայր Լոմպարտի դիտել տալով որ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ որ ընդհանրապէս կը սիրէ խօսակիցներուն աչքերուն մէջ նայիլ, այժմ կը գտնուի այն իրավիճակին մէջ ուր անոր հայեացքն ու ձայնը միջնորդուած են արուեստագիտութեամբ, սակայն միշտ ալ կը հասնին սրտերուն։

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը որ վայրը եղած է հազարաւոր մարդոց, ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու համախմբումներուն, այժմ կը ներկայանայ ամայի՝ դատարկ։ Թէեւ անցեալ դարուն մենք արդեն վարժուած էինք այդ Ֆիզիկապէս ներկայ գտնուող մարդոց աւելցնել այլ մարդիկ, շնորհիւ Ռատիոյին եւ հաղորդակցութեան միջոցներու գործիքներուն։ Արդարեւ հաւատացեալներու բազմութիւնը որ ներկայ էր Սուրբ Պետրոսի մէջ կը կազմէր սիրտը հասարակութեան մը որ  շատ աւելի մեծ ու ընդարձակ էր ու կը ներառեր  բոլոր ցամաքամասերը։

Քահանայապետը կարող է  միակ՝ առանցին ըլլալ Սուրբ Պետրոսի մէջ կամ Սանթա Մարթա մատրան մէջ, սակայն Եկեղեցին որ հաւատացեալներու տիեզերական հասարակութիւնն է, զօրեղ կերպով միացած կը մնայ Անոր, հաւատքի ու մարդկային սրտին մէջ արմատացած կապերով։

Այդ դատարկ հրապարակին վրայ կը բացայայտենք ներկայութիւնը սիրոյ, կարեկցութեան տառապանքի, սպասումներու եւ յոյսի հոգեւոր  յարաբերութիւններու ու նաեւ ներկայութիւնը Սուրբ Հոգւոյն, որ կը միացնէ Քրիստոսի «Խորհրդաւոր Մարմինը» որ է Եկեղեցին։

«Քամին կը փչէ այնտեղ ուր կ՛զուէ։ Դուն կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր, թէ ուրտեղէն կու գայ եւ ուր կ՛երթայ։ Այնպէս է նաեւ անոնց համար որոնք ծնած են Հոգիին շունչով» ըսած էր Յիսուս՝ Նիկոդեմոսին հեռաւոր գիշերուայ մը ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 10:41