Որոնել

Միջազգային Քարիթասի բարեսիրական գործունէութիւններ Միջազգային Քարիթասի բարեսիրական գործունէութիւններ 

Միջազգային Քարիթասը մաս կը կազմէ Քորոնա ժահրի համար Սուրբ Աթոռի յատուկ յանձնախումբին։

Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարին հաղորդագրութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին ընդառաջելով, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ խթանման ժողովը, Քորոնա Ժահրի պայքարին ծիրէն ներս հիմնեց յանձնախումբ մը՝ բաղկացած հինգ աշխատանքային խումբերէ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ Յանձնախումբին մաս կը կազմէ նաեւ Միջազգային Քարիթասը։ Այս մասին հաղորդեց Միջազգային Քարիթասը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը։ 

Որուն մէջ նշուած է նաեւ որ Միջազգային Քարիթասը, Ափրիկէի, Միջին Արեւլքի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Եւրոպային մէջ, Քորոնա ժահրէ պայքարին ծիրէն ներս առաջնահերթ կարգին է ։  «Մեր աշխատանքը, Եկեղեցւոյ կենդանի վկայութիւն է՝ խոցելիներուն եւ համայն մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս։» Նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Միջազգային Քարիթաս Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ խթանման ժողովին հետ միասին արդեն մշակած է տեղական եկեղեցիներու ձայնին անսալու ծրագիր։ 

Աւելի քան 140 եպիսկոպոսներու համահաւաք դասեր արդէն փոխանցած են իրենց երկիրներուն շտապ կարիքները ինչպէս նաեւ համաճարակի տարածման կանխարգիլման գծով որդեգրած է տարբեր միջոցառումներ։ 

Միջազգային քարիթասի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ հիմնուած է հիմնադրամ մը արդիւնաբեր եւ արագ կերպով պատասխանելու համար։ Յիշեալ համաշխարհային հիմնադրամի միջոցաւ, միջազգային քարիթասը եւ կաթողիկէ կազմակերպութիւնները պիտի շարունակեն իրենց խնամակալական գործերը միաժամանակ պիտի ներմուծեն նոր միջոցառումներ, համաճարակի կանխարգիլման համար։

«Այսօր աւելի քան երբեք յոյժ կարեւոր է շարունակել եւ երաշխաւորել մարդկային կեանքեր փրկելու ծառայութիւնները, մատակարարուած Քարիթասի կողմէ, հակառակ որ համաճարակը մեծ  ազդեցութիւնը կը բանեցնէ խոցելիներուն ի սպաս մեր աշխատանքներուն վրայ։  Օրինակի համար, Պաղեսիտնի մէջ Քարիթասի անձնակազմը  սպառած է նիւթական միջոցները,  ստիպուած է դադրեցնելու իր ծառայութիւնները ներառեալ սննդի և անձնական մաքրութեան  կարիքներու բաշխումը՝ 500 կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Հաղորդագրութեան աւարտին Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր Քարտուղար, Ալոյսիուս Ճոն նշած է թէ. 

«Այսօր բոլորս վախի մէջ միացած ենք, սակայն  պէտք  է  նաեւ  միացած ըլլանք զօրակցութեան մէջ՝  համաշխարհային զօրակցութեան միջոցաւ։ Այս համաճարակի յաղթահարման միակ միջոցը,  միացած մնալն է դիմագրաւելու համար մարդկութեան դէմ ծանրացած հսկայ մարտահրաւէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 13:46