Որոնել

Կարդինալ Ճորճ Փելը Կարդինալ Ճորճ Փելը 

Կարդինալ Փելը ազատ արձակուած է՝ մեղադրանքնրերը անհիմն էին։

Աւստրալիայի բարձրագոյն ատեանի եօթը դատաւորները միաձայնութեամբ վճիռ արձակած են հաստատելով Կարդինալ Փելին անմեղութիւնը՝ անչափահասներու դէմ ոտնձգութեան յանցանքէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աւստրալիայի բարձրագոյն ատեանը ազատ արձակած է Կարդինալ Ժորժ Փելը՝ որ Մելպուրնի դատարանի արձակած դատավճիռի մը հիման վրայ 6 տարուայ բանտարկութեան դատապարտուած էր, անչափահասներու դէմ ոտնձգութիւններու յանցանքի մեղադրանքով։

78 ամեայ Կարդինալը առաջին օրէն իսկ յայտարարած էր իր անմեղութիւնը  եւ ահա այժմ ազատ արձակուեցաւ, որովհետեւ անոր դէմ յարուցուած մեղադրանքը անհիմն նկատուեցաւ։

Կարդինալ Փել այժմ կը գտնուի Մելպուրնի մէկ կրօնական հաստատութեան մօտ։

Բարձրագոյն ատեանի դատավճիռէն ետք՝ Ծիրանաւորը  վերահաստատեց՝ թէ ինք մշտապէս շեշտած էր իր անմեղ ըլլալը ու թէ իր կրած անարդարութիւնը այժմ հասաւ իր նահանջին։ Կարդինալ Փել հաստատեց նաեւ թէ զինք մեղադրողին դէմ ոչ մէկ թշնամական զգացում ունի, յոյս յայտնելով որ իր ազատ արձակուիլը այլ ցաւեր չի պատճառէ ու շեշտելով՝ թէ «արդարութեան միակ հիմքը ճշմարտութիւնն է»։

Ծիրանաւորը շնորհակալութիւն յայտնեց իր փաստաբաններուն ու բոլոր անոնց որոնք աղօթեցին իրեն համար ու իրեն թիկունք կանգնեցան դժուար պահերու ընթացքին։

Աւստրալիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ  Մարք Քոլէրիտճ՝ արձագանգելով բարձրագոյն ատեանի յայտարարութեան՝ թէ «Կարդինալ Փելի ազատ արձակումը ուրախութեամբ պիտի ընդունուի զինք  անմեղ նկատողներուն կողմէ մինչ ուրիշներուն համար կործանարար պիտի ըլլայ», վերահաստատեց Եկեղեցւոյ անսասան յանձնառումը՝ պաշտպանելու մանուկներու անվտանգութիւնը ու վճռական պատասխան տալու մանկապղծութեան զոհերուն ու այդ ոճիրի վերապրողներուն, պայքարելով արմատախիլ ընելու համար այդ ախտը։

Նշենք թէ այս հարցին մէջ Սուրբ Աթոռը մշտապէս յարգանք ցուցաբերած է դատաւորներու առած որոշումներուն նկատմամբ եւ մատնանշելով Կարդինալ Փելի անմեղութեան տարբեր յայտարարութիւններուն, վերահաստատած է իր մօտիկութիւնը, սեռային չարաշահութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ յանձնառումը՝ այդ յանցագործութեան  պատասխանատուները  դատի կանչելու ու դատապարտելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2020, 08:13