Որոնել

2019 - Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ 2019 - Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ 

Այս տարի Քահանայապետական Աւագ Շաբթուայ բոլոր արարողութիւնները կը կատարուին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ։

Սոյն կարգադրութիւնները անհրաժեշտ դարձան Քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման ու սահմանափակումի ուղղութեամբ որդեգրուած միջոցներու բերումով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական ծիսական գրասենեակի արարողապետ՝ Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի, անցեալ օրերուն յայտարարեց՝ թէ այս տարուայ Աւագ Շաբթուայ Քահանայապետական բոլոր արարողութիւնները, սկսեալ Ծաղկազարդի տօնէն, որ ընդհանրապէս կը կատարուէր Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, մինչեւ Սուրբ Զատկուայ Պատարագը, տեղի պիտի ունենան Սուրբ Պետրոսի աւագ տաճարին մէջ ու պիտի հեռարձակուին ուղիղ եթերով, հաւատացեալներուն առիթ ընծայելով հետեւելու սուրբ շաբթուայ ծիսակատարութիւններուն, ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան  տօնին։

Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի նշեց նաեւ՝ թէ Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին կատարուած աւանդական ճանապարհ խաչի արարողութիւնը նախատեսուած է Սուրբ Պետրոսի Պազիիքայի մուտքին։ Այս բարեպաշտական արարութեան եւս կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ  ուղիղ եթերով՝ Վատիկան Նիուզի կայքի “vaticannews.va” եւ «youtube» կայքերու միջոցաւ։

Վերոնշեալ կարգադրութիւնները անհրաժեշտ դարձան Քորոնա ժահրի տարածման կանխարգիլման ու սահմանափակումի համար որդեգրուած միջոցներու բերումով։ Արտակարգ իրավիճակ մը՝ որուն համար առնուեցան արտակարգ որոշումներ՝ հիմնուելով նաեւ Աստուածային Պաշտամունքի Ժողովի կողմէ անցեալ 25 Մարտ 2020ին հրապարակած նոր հրամանագիրին վրայ։

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւնները  սկիզբ կ՛առնեն կիրակի 5 ապրիլ 2020ի առաւօտեան ժամը 11-ին՝ Ծաղկազարդի տօնին օրը։

Ապա հինգշաբթի 9 ապրիլ 2020ի ժամը 18-ին նախատուած է վերջին ընթրիքի պատարագը, մինչ ուրբաթ ժամը վեցին՝ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը։ Նոյն օրը երեկոյեան 9-ին, Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը գլխաւորէ ճանապարհ խաչի արարողութիւնը։

Շաբաթ 11 ապրիլի երեկոյեան 9ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի կեդրոնական խորանին վրայ, Քահանայապետը կը գլխաւորէ Զատկական Հսկումը, մինչ երկրորդ օրը՝ Կրակի 12 ապրիլի առաւօտեան 11-ին,  նոյն վայրին մէջ կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը, որուն աւարտին նախատեսուած է Ուրպի էթ Օրպի՝ Հռոմի ու Համայն աշխարհին ուղղուած օրհնութիւնն ու պատգամը։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2020, 10:45