Որոնել

Առանց հաւատացելաներուն ներկայութեան եկեղեցի Առանց հաւատացելաներուն ներկայութեան եկեղեցի 

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի առաջարկները զատկական տօներու արարողութիւններու կատարումին համար։

Արեւելեան ինքնավար Եկեղեցիներու պետերուն, ստորագրութեամբ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի առաջարկները՝ Զատկական տօներու արարողութիւններու կատարումին համար՝ նկատի առնելով ներկայի համաճարակի սպառնալիքը եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւններու ուղեցոյցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, մարտ 25ին, Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը նամակ մը ուղղած է Արեւելեան ինքնավար Եկեղեցիներու պետերուն, ստորագրութեամբ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի, ուր առաջարկներ կը ներկայացնէ Զատկական տօներու արարողութիւններու կատարումին համար՝ նկատի առնելով ներկայի համաճարակի սպառնալիքը եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւններու ուղեցոյցները։

Ունկնդրէ լուրը

Հետեւեալ կէտերու մէջ ամփոփուած են Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին առաջարկները.

Զատկական տօները կը կատարուին ըստ ծիսական տօնացոյցին։ Կարելիին չափով արարողութիւնները սփռուին streaming-ով, որպէս զի հաւատացեալները կարենան իրենց տուներէն մասնակցիլ։ Նկատի պէտք է առնուի ծիսական արարողութիւններու մասնակցութեան սահմանափակումները։ Հակառակ որ նախատեսուած է դպիրներու մասնակցութիւնը արարողութիւններուն, սակայն եւ այնպէս խոհեմ չէ բազմաթիւ անձերու մէկտեղ գտնուիլը։

Եկեղեցւոյ շէնքէն դուրս կատարուելիք արարողութիւններէն պէտ է հրաժարիլ։

Հաւատացեալներուն յիշեցնել անհատական եւ ընտանեկան աղօթքի արժէքը, որ ներկայ պայմաններուն մէջ հաւատքի փոխանցման կարեւոր միջոց մըն է։ Այստեղ նաեւ կարելի է օգտագործել ընկերային հաղորդամիջոցները։

Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկի Կիրակիի ժամերգութիւններու աղօթքները կարող են հաւատացեալները կատարել նաեւ իրենց ընտանիքէն ներս։

Քահանաներ, որոնք չեն կրնար Պատարագը առանձին մատուցանել, կատարեն ժամերգութիւնը, մանաւանդ սաղմոսներու աղօթքները եւ այն բաժինները ուր նախատեսուած չէ երգչախումբի կամ հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Այն Եկեղեցիները որոնք սովորաբար Աւագ Հինգշաբթի օր կը կատարեն Միւռոնի օրհնութիւնը, կրնան հետաձգել այդ։

Աւագ Ուրբաթ օրուան Սուրբ Խաչի եւ Քրիստոսի գերեզմանին մօտ կատարուելիք աղօթքները հաւատացեալները կրնան իրականացնել նաեւ առանձին կամ ընտանիքի հետ միասին։

Ճրագալոյցի գիշերը կարելի է հրաւիրել ընտանիքները, ուր կարելիութիւնը կայ՝ եկեղեցւոյ զանգերու հնչումով, որ հաւաքուին տան մէջ եւ միասնաբար կարդան Յարութեան Աւետարանը, վառելով մոմեր եւ երգելով զատկական շարականներ։

Սուրբ Զատիկին նախատեսուած մկրտութիւնները յետաձգուին։

Նկատ առնուի Առաքելական ատեանի մարտ 19ի վճռագիրը, կապուած Ապաշխարութեան Խորհուրդի հետ։ Այնտեղ ուր հաւատացեալներ չեն կարող կատարել զատկական խոստովանանքը, հոգեւոր հովիւները հաւատացեալները յորդորեն կատարել ապաշխարութեան աղօթքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 15:10