Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Մաթթէօ Պրունի. Վատիկանի մէջ կան Քովիտ19 էն վարակուած չորս անձեր։

Վատիկանի գրասենեակները կը շարունակեն իրենց անհրաժեշտ ծառայութիւնները մատուցել՝ ի յարկին դիմելով նաեւ տնային աշխատանքին:

Վատիկան Նիուզ

Լրագրողներու մէկ հարցումին պատասխանելով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարեց թէ առ այժմ Վատիկանի մէջ Քորոնա ժահրէն վարակուած չորս պարագաներ  յայտնաբերուած են։ Առաջինէն զատ՝ որուն մասին արդէն տեղեկութիւններ տրուած էին, կան Վատիկանի թանգարանի երկու աշխատաւորներ ու  Առեւտրական գրասենեակի մէկ աշխատակից։ Չորս անձերն ալ ենթարկուեցան նախազգուշական մեկուսացումի դրութեան ու անոնք արդեն 14 օրերէ ի վեր կը գտնուին այդ իրավիճակին մէջ։ Ներկայիս անոնք խնամուած են իտալիոյ հիւանդանոցներուն մէջ ու կամ իրենց բնակարաններէն ներս յայտարարեց միշտ Մաթթէօ Պրունի։

Ան ապա նշեց թէ Վատիկանի գրասենեակները կը շարունակեն իրենց անհրաժեշտ ծառայութիւնները մատուցել՝ ի յարկին  դիմելով նաեւ տնային աշխատանքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 09:07