Որոնել

Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակը 

Սուրբ Զատկուայ արարողութիւնները առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։

Քորոնա Ժահրի բերումով ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին ի տես Քահանայապետական Տան Վարչութիւնը յայտարարեց թէ Աւագ Շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան առանց հաւատացեալներու ֆիզիկական ներկայութեան ու թէ մինչեւ 12 ապրիլ 2020՝ Մարեմեան Աղօթքներն ու հրապարակային ունկնդրութիւնները կը հեռարձակուին Վատիկան Նիուզ (Vaticannews.va) կայքէջի միջոցաւ։

Վատիկան Նիուզ

 Քահանայապետական Տան Վարչութիւնը պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է թէ. «Միջազգային առողջապահական արտակարգ իրավիճակի պատճառաւ, Սուրբ Շաբթուայ բոլոր ծիսական արարողութիւնները տեղի կ՛ունենան առանց հաւատացեալներու եւ բազմաթիւ ուխտաւորներու  ֆիզիկական ներկայութեան։ Ապա, մինչեւ 12 ապրիլ 2020, Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքներն ու հրապարակային ունկնդրութիւնները հասանելի են առցանց` ուղիղ եթերով, Վատիկան Նիուզի (vaticannews.va) պաշտօնական կայքէջին վրայ, ինչպէս նաեւ համացանցի ու պատկերասփռումի տարբեր հարթակներու միջոցաւ։

Արարողութիւններու ուղեգիծի վերաբերեալ իր միջամտութիւնը կատարեց նաեւ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի, որ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն նշեց. «Սուրբ Շաբթուայ բոլոր ծիսակատարութիւնները հաստատուած են ու թէ կը քննարկուի անոնց կատարումի մեթոտները ու մասնակցութեան կարելիութիւնները, յարգելով ժահրի տարածման կանխարգելման ուղիով ի գործ դրուած ապահովութեան չափանիշերը։ Այդ մեթոտները պիտի հաղորդուին հազիւ սահմանուած, նկատի առնելով նաեւ  համաճարակի իրավիճակի զարգացումը։

Տիար Անտրէա Պրունի ապա նշած է թէ անկախ մեթոտներէն Սուրբ Շաբթուայ ծիսական արարողութիւնները ուղիղ եթերով պիտի սփռուին Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ ու նկարահանումները պիտի բաշխուին Վատիկան Մետիայի միջոցաւ, բոլոր անոնց որոնք խնդրանք կը կատարեն։

Տիար Պրունի ապա երէկ հաղորդած էր որ  ի տես  Քորոնա ժահրի համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, ֆրանչիսկոս Պապը որոշեց, որ Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ամէն օր առաւօտեան 7-ին մատուցած պատարագները, շարունակուին հեռարձակուիլ ուղիղ եթերով, նաեւ այս շաբթուայ ընթացքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2020, 14:10