Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  Խմբագրական

Քահանայապետի մը տարեդարձը, որ մեզ կ՝առաջնորդէ մեզի ընկերանալով:

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի յաջորդի առաքելութեան 8-րդ տարեդարձը սկիզբ կ՝առնէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ծայր առած է համայն մարդկութեան համար քորոնա ժահրի ծանր տագնապը : Փոշի ենք, սակայն թանկարժէք փոշի, սիրուած Աստուծմէ եւ նպատակաուղղուած յաւերժ ապրելու:

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 8-րդ տարեդարձը սկիզբ կ՝առնէ ողբերգական ժամանակաշրջանի մը մէջ,  ուր համայն մարդկութիւնը կանչուած է պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարելու:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս դժուար օրերուն, մինչ իւրաքանչիւր անհատ դէմ յանդիման կը գտնուի գոյութենական անկայութեան դիմաց,  Ֆրանչիսկոս Պապ որոշեց աղօթքով մեզի ընկերանալ՝ հայցելով Տիրամօր հովանին ու մատուցանելով Սուրբ Պատարագ Սանթա մարթա մատրան մէջ՝ ուղիղ եթերով հեռարձակուած աշխարհի ամէն կողմը:

Արդարեւ, ֆրանչիսկոս Պապին ամէնօրեայ պատարագները՝ որպէս ժողովրդապետ, որ կը քարոզէ  հաւատացեալներէ կազմուած փոքրիկ խումբերուն, պատմելով անոնց օրուան Աւետարանի ընթերցումէն ՝ Աստուծոյ խօսքէն ներշնչուած մտածականը, Նորին Սրբութեան ամէնէն իմաստալից նորութիւններէն մին է. ամէնօրեայ ուղեկցութիւն, որ սփոփանքի ժամադրութիւն դարձաւ բազմաթիւ անձերուն, որոնք այս եօթը տարիներուն փնտռեցին ու կարդացին Վատիկանի հաղորդամիջոցներուն կողմէ սփռուած Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզի եզրակացութիւնը:  Այժմ  Պապին այդ պարզ եւ շօշափելի ուղեկցութիւնը՝ սփոփանքի աղբիւր դարձաւ հիւանդներուն, անոնց հարազատներուն, բժիշկներուն, կամաւորներուն , բանտարկեալներուն, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն :

Չորեքշաբթի՝ մոխրոց օրը, երբ  քորոնա ժահրի տագնապը տակաւին այնքան յստակ չէր, Սուրբ Պետրոսի յաջորդը ըսած էր «Քառասնորդացը սկսինք ստանալով մոխիրը: Յիշէ, որ հող էիր եւ հող պիտի վերադառնաս: Մեր գլխուն վերեւ սրսկուած մոխիրը, յիշել կու տայ, որ հողէն կու գանք եւ հողին պիտի վերադառնանք: Այսինքն դիւրաբեկ ու մահացուներ ենք:

Հազարաւոր դարերուն հոլովոյթին մարդը  ինքզինք ճանապարհորդ զգաց, հսկայ  տիեզերքի դիմաց ինքզինք փոքր զգաց: Տիեզերքի փոշի,  սակայն Աստուծմէ սիրուած փոշի: Աստուած սիրեց իր ձեռքերուն մէջ հաւաքել մեր փոշին ու անոր վրայ փչեց կեանքի շունչը: Այսպէս թանկարժէք փոշի դարձանք ՝նպատակաուղղուած միշտ ապրելու:  Մենք այն հող են,  որուն վրայ Աստուած իր երկինքը թափեց, իր երազները պարունակող հողը: Աստուծոյ յոյսը, փառքն ու գանձն էք: Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հետեւեալ խօսքերով: Թոյլ տանք, որ հաշտուինք՝ ապրելու համար իբրեւ սիրուած զաւակներ, իբրեւ ներուած մեղաւորներ,  իբրեւ առողջացած հիւանդներ,:  Թոյլ տանք, որ սիրուինք՝ սիրելու համար: Թոյլ տանք, որ վերականգնենք, քալելու համար դէպի նպատակ Սուրբ Զատիկ:

Փաստօրէն վկայելու համար  բոլորին սեւեռած այդ յոյսի ու ողջագուրումի հայեացքը Ֆրանչիսկոս Պապ մեզ կ՝առաջնորդէ ընկերանալով մեզի՝  մարտ 10էն սկսեալ Տոմուս Սանթա մարթա մատրան մէջ պատարագելով՝  բոլորս դիտաւորութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 14:59