Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկրանիայի հանրապետութեան նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկրանիայի հանրապետութեան նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ուկրանիայի հանրապետութեան նախագահը։

Զրոյցները կեդրոնացան մարդասիրական կացութեան վրայ, ու 2014-էն ի վեր Ուքրանիան հուզող հակամարտութեան ծիրէն ներս խաղաղութեան փնտռտուքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 փետրուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ուկրանիայի հանրապետութեան նախագահ Տիար Վոլոտիմիր Զելենսքիին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց Քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր։

Լուր կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցները կեդրոնացան մարդասիրական կացութեան վրայ, ու 2014-էն ի վեր Ուքրանիան հուզող հակամարտութեան ծիրէն  ներս խաղաղութեան փնտռտուքին։ Այս ուղղութեամբ յոյս յայտնուեցաւ որ   բոլոր կողմերը առաւելագոյն զգայնութիւն ցուցաբերեն, բռնութիւններու առաջին զոհ՝ բնակչութեան կարիքներուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ յանձնառու ու հետեւողական ըլլան երկխօսութեան ուղիով։

Նիւթերու շարքին էին ապա փոխադարձ համագործակցութեան հայող հարցեր ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վաստակը, որ երկրին մէջ ներկայ է իր զանազան ծէսերով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2020, 13:00