Որոնել

Նոր Երանելիներ Քալրօ Աքութիս եւ Հայր Ռութիլիօ Կրանտէ Նոր Երանելիներ Քալրօ Աքութիս եւ Հայր Ռութիլիօ Կրանտէ 

Սրբազան Պապը արտօնեց նոր Սուրբերու եւ Երանելիներու հրամանագիրերու հրատարակութիւնը։

Նոր Երանելիներու շարքին են Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ռութիլիօ Կրանտէ ու անոր հետ՝ 1977 թուականին իրենց հաւատքին համար Սալվատորի մէջ սպաննուած երկու աշխարհականներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 փետրուար 2020-ին, Սուրբերու Դատի ժողովը Ֆրանչիսկոս Պապին հրահանգով, հրապարակեց նոր Երանելիներու եւ Սուրբերու հայող հրամանագիրեր։

Նոր Երանելիներու շարքին են Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Ռութիլիօ Կրանտէ ու անոր հետ՝ 1977 թուականին իրենց հաւատքին համար Սալվատորի մէջ սպաննուած երկու աշխարհականներ, ինչպէս նաեւ իտալացի երիտասարդ         Քարլօ Աքութիսը, մինչ Սուրբ պիտի հռչակուին Երանելի Լածարօ Տեւախահայամը որ 1752-ին նահատակուեցաւ հնդկաստանի մէջ ու Երանելի Մարիա Ֆրանչեսքա Տի Ճեզուն՝ Լոանոյի Քափուչին աշխարհականներու իգական միաբնութեան հիմնադիրը որ ծնած էր 1844-ին իտալիոյ մէջ ու իր մահկանացուն կնքած Ուրուկուէյի մէջ՝ 1904-ին։

Հրամանագիրերու շարքին՝ հերոսական առաքինութիւններու համար Աստուծոյ ծառայ կը հռչակուին՝ Հայր Էմիլիօ Վենթուրինի (1842-1905), Հայր Փիրրօ Սքավիցցի (1884-1964), Հայր Էմիլիօ Րէքիա (1888-18969) եւ Չիլեցի  աշխարհական՝ Մարիօ Հիրարթ Փուլիտօ  (1931-1964)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 10:27