Որոնել

«Մանուկները յոյս են» «Մանուկները յոյս են» 

«Մանուկները յոյս են» Քահանայապետի գիրքի ներկայացում:

Պատկերազարդ գրքոյկին մէջ պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին երախաներուն ուղղուած արտայայտութիւններ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 14 փետրուար 2020-ին Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի «Սալվիաթի» սրահին մէջ կը ներկայացուի «Մանուկները յոյս են» վերտառութեամբ հատորը,  որ պատկերազարդ գրքոյկ մըն է, նուիրուած երեխաներուն, որուն մէջ պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին մի քանի կարճ արտայայտութիւններ, որոնք ուղղուած են երեխաներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Հատորը կազմած Յիսուսեաններու «La Civiltà Cattolica» պարբերականի տնօրէն Յիսուսեան Միաբան Հայր Անթոնիօ Սփատարօ։ Մինչ պատկերները գործն են Նիու Եորքացի Շիրի Պոյտ արուեստագէտին։

Ներկայացումի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի նախագահ՝ Տիկ. Մարիելլա Էնոք, որ այս տարի կը բոլորէ նախագահ նշանակումին 5-րդ տարեդարձը եւ որ անցեալ երկուշաբթի օր առանձնական հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետին հետ։ Ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Հաւատոյ Ժողովի նորանշակ Կառավարիչ Կարդինալ Անթոնիօ Թակլէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 08:58