Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հունգարիոյ նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հունգարիոյ նախագահը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Եանոշ Ատերը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 14 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի առաքելական պալատէն ներս ընդունեց, Հունգարիոյ հանրապետութեան նախագահ տիար Եանոշ Ատերը, նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Սուրբ Աթոռին պետութիւններուն հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչոսքիին:

Այս մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտին մէջ , որուն ընթացքին գնահատուած է երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններն ու անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսոյն Պուտաբէշտի մէջ կայանալիք միջազգային սուրբ Հաղորդութեան 53րդ համագումարին:

Քննարկումի նիւթ հանդիսացած է  երկուստեք հետաքրքրող նիւթեր, ինչպէս ընկերային արդարութիւնը, ընտանիքի խթանումը, արարչագործութեան խնամքը, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի ներկան ու ապագան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 14:46