Որոնել

Հռոմի «Ռէճինա Չելի» բանտը Հռոմի «Ռէճինա Չելի» բանտը 

Վատիկանի Պետական քարտուղարութենէ խումբ մը այցելեց Հռոմի «Ռէճինա Չէլի» բանտը:

Պետական քարտուղարութեան խումբը բանտարկեալներուն հետ միասին ներկայ գտնուեցան Սուրբ Պատարագի արարողութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան անդամներէ կազմուած խումբ մը կիրակի, 2 փետրուարին այցելեց Հռոմի «Ռէճինա Չէլի» բանտը: Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը , որուն մէջ կը նշուի, թէ Կիրակի 2  փետրուարին, առաւօտեան Պետական քարտուղարութենէն խումբ մը Ռէճինա Չէլի բանտ այցելեց, ուր բանտարկեալներու հետ միասին կիսեցին կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը:

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վատիկանի պետական քարտուղարութեան անդամները բանտարկեալներուն յանձնած են,  Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ կազմակերպուած դրամահաւաքով ձեռքբերուած նուէրներ :

Բանտարկեալներուն հետ հանդիպումի ծիրէ ներս տեղի ունեցած է տարբեր լեզուներով աղօթք, ապա Պետական քարտուղարութեան խումբը այցելած է «Փոքրիկ եղբայրներ» միաբանութեան պատկան բանտարկեալներով զբաղող կամաւորներու ընկերակցութեան կեդրոնը:  

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ,  թէ Հռոմի «Ռէճինա Չէլի» բանտ այցելութեան աւարտին, Պետական քարտուղարութեան անդամները բանտի մատրանապետին յանձնած  են ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ օրհնուած վարդարաններ, ստացուած  Ֆրանչիսկոս Պապին Թայլանտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ժամանակ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 11:24