Որոնել

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու ժողովը Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու ժողովը 

Քահանայապետի խորհրդատու վեց կարդինալներու 33-րդ նիստը։

Հաւաքի կեդրոնական նիւթն է Վատիկանի առաքելական նոր սահմանադրութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 17 փետրուար 2020-ի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ ընթացք առաւ Քահանայապետի խորհրդատու վեց կարդինալներուն 33-րդ նիստը, որ պիտի տեւէ մինչեւ չորեքշաբթի 19 փետրուար եւ որուն կը մասնակցի նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդատու մարմնի 33-րդ հաւաքի կեդրոնական նիւթն է Վատիկանի առաքելական նոր սահմանադրութիւնը որ պիտի փոխարինէ երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետին 28 Յունիս 1988-ին վաւերացուցած «Պոնուս Փասթոր» սահմանադրութիւնը։

Անցեալ դեկտեմբեր ամսուայ մէջ՝ 2 – 4 դեկտեմբեր, գումարած վերջին հաւաքին, խորհրդատու մարմինը քննարկած էր առաքելական սահմանադրութեան «եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն ու Հռոմի Քուրիայի միջեւ» յարաբերութիւններուն հարցը, ինչպէս նաեւ աշխարհական հաւատացեալներուն Քուրիայի կարեւոր գրասենեակներուն ու եկեղեցական կառոյցներէն ներս  պատասխանատուութիւն ստանձնելու հարցը, ուսումնասիրելով նաեւ այդ հարցին հայող աստուածաբանական- հովուական հիմքերը։

Դեկտեմբերին հրապարակուած Սուրբ Աթոռի գրասենեակի մէկ հաղորդագրութեան համաձայն, «Խորհուրդի սեղանին վրայ կան առաքելական նոր սահմանադրութեան վերաբերող առաջարկներ, որոնց ընթերցումն ու  քննարկումը պիտի կատարուի այս օրերուն գումարուած ժողովի ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2020, 13:20