Որոնել

Կարդինալ Պասէթի Կարդինալ Պասէթի 

Կարդինալ Պասէթիի զրոյցը «Միջերկրականը խաղաղութեան սահման» հանդպումի մասին :

Միջերկրականի մէջ առկայ են հալածուած եկեղեցիներ, գոյութիւն ունին փոքրամասնութիւն կազմող եկեղեցիներ, որոնք անհետացումի վտանգի տակ են ինչպէս Քաղդէացիներուն եկեղեցին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, 19-էն 23 փետրուար- Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ կայանալիք «Միջերկրականը խաղաղութեան սահման» խորագիրով հանդիպումին սեմին Իտալիոյ Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Պասսէթի, Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւք դասին պատկան Tv 2000 հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է վերոնշեալհանդիպումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միջերկրականի Պատրիարքներն ու եպիսկոպոսներըն եւ որոնց  շարքին են նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց, Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքն ու Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրիաթեանը:  

Ունկնդրէ լուրը

Կադինալ  Պասսէթին զրոյցին մէջ նշած է, թէ Պարիի վերոնշեալ հանդիպումին Միջերկրականի Պատրիարքներն ու Եպիսկոպոսները միասնաբար պիտի ներկայացնեն եկեղեցւոյ բոլոր դժուարութիւնները: Ան նկատել տուած է  որ հանդիպումին դժգոհութիւններ պիտի չի  ներկայացուին որովհետեւ  Ֆրանչիսկոս Պապի խնդրանքով, առաջարկներ պիտի ներկայացուին, ինչ որ արդարացի է  սակայն դժուար  պարտականութիւն է ըսած է Գերապայծառ Պասսէթին:

Ան ապա հաստատած է թէ Միջերկրականը իր բոլոր եկեղեցիներով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ճիւղն մըն է,  սակայն, Միջերկրականի մէջ առկայ են  հալածուած եկեղեցիներ, գոյութիւն ունին փոքրամասնութիւն կազմող եկեղեցիներ, որոնք անհետացումի վտանգի տակ կը գտնուին  ինչպէս Քաղդէացիներուն եկեղեցին:

Այս  առնչութեամբ Գերապայծառ Պասսեթիին ակնարկած է Քաղդէացիներուն Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքի խօսքին, ուր Ան  նկատել տուած է, թէ այն ժամանակ երբ  Աբրահամէն  հասած Եկեղեցւոյ քաղդէական արմատները անհետանան, արեւմուտքի մէջ տնկուած ծառն ալ պիտի տուժէ: Քրիստոնէութիւնը ծնունդ առած   այդ արմատներէն: Ըսած է Քաղդէացիներուն Պատրիարքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 09:34