Որոնել

Եթոպացիներուն քահանայապետական վարժարանի եպիսկոպոսն ու աշակերտները Եթոպացիներուն քահանայապետական վարժարանի եպիսկոպոսն ու աշակերտները  

Վատիկանի մէջ Եթովպացիներուն քահանայապետական վարժարանի հիմնադրութեան 100-րդ ամեակը նշում:

Վատիկանի մէջ գտնուող Եթովպացիներուն քահանայապետական վարժարանը հիմնուած է 1919-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 12 յունուարին, Եթովպացիներուն եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբին  ծիսական տօնին եւ Եթովպացիներուն քահանայապետական վարժարանի  հիմնադրութեան 100-րդ ամեակին առիթով՛, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Սուրբ Ստեփանոս Ապիսսինա անուան տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Եթովպիայի եւ էրիթրէայի երկու եկեղեցիներուն մետրոպոլիտներուն, կարդինալ Սուրաֆիէլ եւ գերապայծառ Թեսֆամարիա:

Ունկնդրէ լուրը

Բազմաթիւ քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն ներկայութեամբ Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչ կարդինալ Լեոնոարտօ Սանտրին եւ Արքեպիսկոպոս Չիրիլ Վազիլ:

Սուրբ պատարագի աւարտին, օրհնուած հաց բաշխուեցաւ հաւատացեալներուն

Յայտնենք, թէ Վատիկանի մէջ գտնուող Եթովպացիներուն քահանայապետական վարժարանը հիմնուած է 1919-ին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 09:52