Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապը Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապը 

Վատիկանի մէջ միջազգային համագումար նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապին Caritas in veritate շրջաբերականի 10-րդ ամեակին:

Caritas in veritate շրջաբերականը լոյս տեսած է 29 յունիս 2009-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապին Caritas in veritate շրջաբերականին 10-րդ ամեակին առթիւ, Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը կազմակերպած է «տեսութիւն եւ ընթացակարգ» նիւթով միջազգային համագումար մը, զոր տեղի կ՝ ունենայ 3 դեկտեմբեր 2019-ին՝ Քազինա Պիոս Դ՝ Վատիկանի գիտութիւններու քահանայապետական կաճարէն ներս:

Ունկնդրէ լուրը

Համագումարին նպատակն է քննարկել եւ խորացնել, շրջաբերականի հրապարակումէն 10 տարի ետք անոր գործած ազդեցութիւնը ժամանակակից ընկերութեան վրայ:

Համագումարի բացումը կը կատարէ, Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն եւ Caritas in Veritate հիմնարկի նախագահ, գերապայծառ Մարիա Թոմազին:

Վատիկան Նիւզի  հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կարդինալ Թուրքսոն խօսելով վերոնշեալ շրջաբերականին մասին ընդգծեց, թէ  Պենետիկտոս Վաստակաւոր Պապին շրջաբերականը շարունակութիւն է Պօղոս Զ Պապին Populorum progressio շրջաբերականին:

Caritas in Veritate շրջաբերականը ունի որպէս հիմք այն իրողութիւնը, թէ  իսկական զարգացումը չի կայանար ժողովուրդներուն զարգացումին մէջ, այլեւ իւրաքանչիւր անհատի զարգացման մէջ եւ այդ զարգացումը իւրաքանչիւր անհատի կոչումն է, զոր կ՝իրականացուի այն ժամանակ երբ բոլորս կը սիրենք եւ անշահախնդրութեամբ կը նուիրենք մեր հարստութիւնները՝  ուրիշին բարօրութեան ի խնդիր: ըսած է ծիրանաւորը

Յայտնենք, թէ Պենետիտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին Caritas in veritate շրջաբերականը լոյս տեսած է 29 յունիս 2009ին : Անոր կեդրոնական նիւթն է մարդկային բնապահպանութիւնը եւ որուն մէջ Վաստակաւոր Պապը ընդգծած է, թէ իսկական մարդկային զարգացումը կը հայի իւրաքանչիւր անհատի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 09:52