«Սուրբ Մսուրը շինելը Աստուծոյ մօտիկութիւնը տօնախմբել է». Ֆրանչիսկոս Պապ։
Մսուրը շինելով կը տօնախմբենք Աստուծոյ մօտիկութիւնը, կը բացայայտենք թէ Աստուած իրականութիւն է, շօշափելի է։ Ան հեզաբարոյ սէր է, որ խոնարհեցաւ մինչեւ մեզի։
Երկուշաբթի 23 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական @pontifex կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան 18 դեկտեմբեր չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութենէն, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ «Սուրբ Մսուրը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած անտեսանելի չի մնաց երկնքի մէջ, այլ եկաւ աշխարհ, մարդեղացաւ։ Մսուրը շինելով կը տօնախմբենք Աստուծոյ մօտիկութիւնը, կը բացայայտենք թէ Աստուած իրականութիւն է, շօշափելի է։ Ան հեզաբարոյ սէր է, որ խոնարհեցաւ մինչեւ մեզի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
23/12/2019, 13:30