Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոնթենեկրոյի վարչապետը: Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Մոնթենեկրոյի վարչապետը: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոնթենեկրոյին վարչապետը տիար Տուսքօ Մարքովիչը:

Վարչապետը հանդիպում ունեցած է Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին  մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մոնթենեկրոյին վարչապետ վսեմաշուք տիար Տուսքօ Մարքովիչը,որմէ ետք վարչապետը հանդիպում ունեցած է Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին:  Այս մասին,  Սուրբ Աթոռի գրասենեակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ

Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումներուն, յիշուած են Վատիկանի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, մաղթելով որ անոնք աւելիով զարգանան ու ամրագրուին: 

Յատուկէն կարեւորուած է Մոնթենեկրոյին հազարամեայ ինքնութիւնը բնութագրող միջ ցեղային եւ միջ կրօնական խաղաղ համակեցութեան արժէքը   

Անդրադարձ կատարուած եւ միտքեր փոխանակուած են միջազգային կարգ մը նիւթերուն մասին,  յատուկէն շօշափուած են  եւրոպական ծրագիրի ապագային հայող նիւթեր, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանը յուզող կարգ մը հարցեր, որոնց շարքին գաղթականութեան երեւոյթը : 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 13:12