Որոնել

Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան Սուրբ Պետրոսի պազիլիքան 

Վատիկանեան Տիեզերական առաջին ժողովի բացման 150 ամեակը։

Ժողովին առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 8 դեկտեմբեր 1869-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 դեկտեմբեր 2019-ին կը յիշատակուի Վատիկանեան տիեզերական Առաջին Ժողովի բացման 150-րդ տարեդարձը։

Ունկնդրէ լուրը

Ժողովը գումարուած էր Պիոս Թ քահանայապետի կողմէ՝ 29 Յունիս 1868-ին հրապարակուած «Aeterni Patris» կոնդակով։ Ժողովին առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 8 դեկտեմբեր 1869-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ,  որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 774 Ժողովական Հայրեր որոնց շարքին էին 49  կարդինալներ եւ Պատրիարքներ։

Ժողովին նիստերը ընդհատուեցան 1870, «Փորթա Փիայի» ճակատամարտի աւարտով ու Քահանայապետական Պետութեան փլուզումով, եւ անոր Իտալիոյ Թագաւորութեան կցումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 11:19