Որոնել

Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ Փոլ Ռիչարդ Կալլակէր՝ պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան։

Թող Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւէրժ հանգիստ պարգեւէ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին և օգնէ վերականգնեցնելու արդարութիւնն ու յարգանքը, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ի սպաս աւելի լաւ աշխարհի մը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կատարած այցի առթիւ համակուած եմ վշտի զգացումներով՝ այստեղ յիշատակուած զոհերու համար։

Թող Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւէրժ հանգիստ պարգեւէ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին և օգնէ վերականգնեցնելու արդարութիւնն ու յարգանքը, մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ի սպաս աւելի լաւ աշխարհի մը:

Թող Աստուած մխիթարութիւն պարգեւէ զոհերու ժառանգներուն եւ անոնց ընտանիքներուն եւ օրհնէ ողջ հայ ժողովուրդը։

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի ստորագրութիւնը կրող այս խօսքերը արձանագրուեցան Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի յուշամատեանին մէջ։

Ան արդարեւ 9 եւ 10 նոյեմբերին պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան եւ այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը ծաղկեպսակ խոնարհեցնելով ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ապա այցելեց Հայոց Ցեղասպանոթեան նուիրուած թանգարանը։

Վատիկանի դիւանագէտը Նոյեմբերի 9-ին ՀՀ արտգործ նախարարութեան մէջ հանդիպում կ՛ունենայ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ, որուն աւարտին անոնք միասնաբար հանդէս կու գան մամուլի համար յայտարարութեամբ։

Գերապայծառ Կալլակէր հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ այցելութիւն կու տայ Էջմիածին՝ հանդիպում ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ:

Նոյեմբերի 9-ի երեկոյեան Վատիկանի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Սուրբ Աթոռի նուիրակ՝ Գերապայծառ Խօսէ Պէթընքուրը, պիտի այցելէ Երեւանի Հայ Կաթողիկէ կեդրոնը, ապա 10 նոյեմբերին պիտի փոխադրուին Գիւմրի՝ուր նախատեսուած է հանդիպում հայ կաթողիկէ համայնքին հետ ու Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ որուն կը յաջորդէ հիւրասիրութիւն եւ որով վերջ կը գտնէ պաշտօնական այցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 08:44