Որոնել

Պեռլինի պատի անկումը, 1989ի նոյեմբերի 9ին Պեռլինի պատի անկումը, 1989ի նոյեմբերի 9ին 

Պերլինի պատի անկումը՝ կոչ լաւագոյն Եւրոպայի մը համար

«Պերլինի պատի անկումը, 1989ի նոյեմբերի 9ին, Եւրոպայի պատմութեան վերջին տասնամեակներուն ամենէն կարեւոր դէպքերէն մին է։ Ան զգացումներով առլցուն պահ մըն էր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Պերլինի պատի անկումի 30րդ տարեդարձին առիթով, Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական դասերու յանձնախումբի անդամները կոչ կʼուղղեն բոլոր եւրոպացիներուն որ աշխատին միասնաբար կերտելու համար ազատ եւ միացեալ Եւրոպա մը, երկխօսութեան նորոգեալ գործընթացով մը՝ ի խնդիր խաղաղ ապագայի մը։ Պեռլինի պատը ունեցաւ 28 տարուան պատմութիւն՝ 1961ի օգոստոսի 13էն մինչեւ 1989ի նոյեմբերի 9։ Եւրոպայի Միութեան Եպիսկոպոսական դասերու յանձնախումբի յայտարարութիւնը կʼընդգծէ. «Պելինի պատի անկումը, 1989ի նոյեմբերի 9ին, Եւրոպայի պատմութեան վերջին տասնամեակներուն ամենէն կարեւոր դէպքերէն մին է։ Ան զգացումներով առլցուն պահ մըն էր։ Պեռլինի բնակիչները՝ ազգականներ, բարեկամներ եւ դրաձիներ, 28 տարիներ իրարմէ բաժնուած էին ցեմենդի պատով մը։ Արդ՝ անոնք կարող էին ապրիլ նոյն քաղաքին մէջ, կարող էին իրարու հանդիպիլ, միասին տօնախմբել եւ արտայայտել իրենց ուրախութիւնը եւ յոյսը։»

Յիշեալ յայտարարութիւնը կը շարունակէ. «Պատը Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի գաղափարախօսական բաժանումի խորհրդանիշն էր։ 1989ին Հունգարիոյ մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, սոյն տարւոյն ապրիլ ամսոյն երկաթեայ վարագոյրի քանդուիլը, յունիս ամսոյն Լեհաստանի ազատ ընտրութիւնները իրենց գագաթնակէտին կը հասնէին Պեռլինի պատի անկումով։ Դէպք մը՝ որ կը բանար ազատութիւնը վերստանալու ճանապարհը՝ 40 տարիներէ աւելի տեւող ճնշող վարչակարգի մը իշխանութենէն վերջ։ Եւրոպացիներու մեծ մասը հետեւողական եւ խաղաղ կերպով արտայայտած էին քաղաքական փոփոխութեան մը խոր ցանկութիւնը։»

Եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ կը շեշտեն նաեւ, թէ ոչ բոլոր ակնկալութիւնները որոնք յաջորդած էին պատի անկումին, եղած էին գոհացուցիչ։ «Չէ կարելի ուրանալ որ գաղափարախօսութիւնները, որոնք ժամանակին իբր հիմ ծառայած են պատի կառուցումին, ամբողջովին չեն անհետացած Եւրոպայի մէջ եւ գոյութիւն այսօր ալ՝ տարբեր ձեւերով։» Պեռլինի պատի անկումը լոկ անցեալի տօնախմբելի պատահար մը չէ, այլ «կը պարունակէ մարգարէական տարածք։ Ան մեզի սորվեցուց, որ ժողովուրդներու միջեւ պատեր կառուցելը երբեք լուծում մը չէ. ան կոչ մըն է, աշխատելու լաւագոյն Եւրոպայի մը ի սպաս։ Պէտք է յիշեցնենք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի դերը եւ անոր քաջալերանքը՝ ʼԵւրոպան պէտք է շնչէ երկու թոքերովʼ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2019, 11:37