Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութիւնը, կարդինալ Փելի դատական հարցի կապուած Աւստրիոյ բարձրագոյն ատեանի առնչութեամբ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն, տիար Մաթէօ Պրունի Կարդինալ Փելի դատական հարցի կապակցութեամբ հրապարակելով յայտարարութիւն մը նշեց հետեւեալը-
«Սուրբ Աթոռը վերահաստատելով իր վստահութիւնը, Աւստրիական արդարադատութեան նկատմամբ, կ՝ողջունէ Աւստրիոյ բարձրագոյն ատեանի,Կարդինալ Փելի կողմէ ներկայացուած, բողոքարկման խնդրանքի ընդունման որոշումը , այն գիտակցութեամբ, որ կարդինալ Փել միշտ պնդած է իր անմեղութիւնը: Այս առիթով Սուրբ Աթոռը անգամ մը եւս իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք տառապեցան, կղերի անդամներուն կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումի պատճառաւ:» նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ