Որոնել

Կարդինալ Սանտրի Կարդինալ Սանտրի 

Կարդինալ Սանտրիին ցաւակցութիւնը Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու հրաւէրը աղօթելու Սուրիոյ համար։

Աթէնք ժամանելուն Կարդինալ Սանտրի յատուկէն յիշեց Հայ Կաթողիկէ Քահանայ Հայր Յովսէփ Պետոյանի ու անոր հօր նահատակութեան լուրը իր ցաւակցութիւնները յայտնելով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ որ 11էն 17 նոյեմբերին հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Յունաստանի մէջ, 11 նոյեմբերի երեկոյեան Աթէնք ժամանելուն ու տեղական եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն հետ առաջին հանդիպումը ունենալու ընթացքին ուզեց յատուկէն յիշել Հայ Կաթողիկէ Քահանայ Հայր Յովսէփ Պետոյանի ու անոր հօր նահատակութեան լուրը իր ցաւակցութիւնները յայտնելով Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան, անոր ընտանիքին ու հարազատներուն, ապա հրաւէր ուղղելով բոլորին՝ շարունակելու աղօթել Սուրիոյ համար։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Սանտրի՝ Յունաստանի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Գերապայծառ Յովսէփ Պէզեզեանին փոխանցեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը։

Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի օդակայան ժամանելուն Ծիրանաւորը դիմաւորուեցաւ Յունաստանի մէջ պապակն նուիրակի, Լատինաց եպիսկոպոսի, յոյն կաթողիկէ ու հայ կաթողիկէ առաջնորդներու ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցիները ներկայացնող  վաթսուն աշխարհականներու կողմէ։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը Սուրբ Պօղոսի քարոզչութեան երկիր՝ Յունաստան մեկնած է տեղական Քահանայապետական նուիրակի ու Յունաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հրաւէրով։

Կարդինալ Սանտրիի ժամանումը Աթէնք
Կարդինալ Սանտրիի ժամանումը Աթէնք

Վեց օր տեւող Հովուական այցը կ՛ընդգրկէ զանազան հանդիպումներ ըլլայ քաղաքական ըլլայ եկեղեցական գետնի վրայ։

13 նոյեմբերին Կարդինալ Սանտրին պիտի հանդիպի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Երոնիմոսի հետ ու Յունաստանի արտգործ նախարարին հետ։ Կէսօրէն ետք ան կը հանդիպի Լատին Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան ու հաւատացեալներուն հետ ու Լատիններու Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։

Հինգշաբթի առաւօտեան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը կ՛այցելէ բիւզանդական եկեղեցւոյ առաքելական Էքզարքութիւնը ու անոր կառոյցները ու կէսօրուան եղբայրական ագապը կը կիսէ կղերական դասին հետ։ Մինչ 14 նոյեմբերին յետմիջօրէին Ծիրանաւորը կ՛այցելէ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ու համայնքը ուր կը հանդիպի նաեւ առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալուած սուրիացի գաղթականներուն հետ։  

Ուրբաթ 15 նոյեմբերին Կարդինալ Սանտրի կը փոխադրուի Սիրոս ուր կը հանդիպի այնտեղուայ քրիստոնեայ հասարակութեան հետ, հուսկ 16 եւ 17 նոյեմբերին կը փոխադրուի Սալոնիք, ուր կ՛այցելէ Կալկաթայի Մայր Թերեզայի Գթութեան Քոյրերու միաբանութիւնը ու պատարագ կը մատուցէ Առաքելական Նուիրակութեան աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը իր այս հովուական այցելութեանը ընթացքին բոլորին կը տանի Ֆրանչիսկոս Պապին սիրալիր ողջոյնները ու անոր առաքելական օրհնութիւնները որպէս մօտիկութեան եւ Տիրոջ մէջ յոյսի երաշխիք։

Նշենք թէ 12 նոյեմբերի առաւօտեան Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի իր մատուցած պատարագը նուիրեց Հայր Յովսէփ Քահանայ Պետոյանի ու անոր հօր հոգւոյն հանգստեան համար։

Հայր Յովսէփ Քահանայ Պետոյանի ու անոր հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախատեսուած է այսօր ժամը 12-ին Գամիշլիի հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 08:36