Որոնել

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Քաղդէացիներուն պատրիարքը հրաւիրեց երեք օր ծոմ պահել Իրաքի խաղաղութեան համար:

Աղօթենք, որպէսզի Իրաքի մէջ խաղաղութիւն եւ կայուն վիճակ տիրէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

11-էն-13 նոյեմբեր ամսուան օրերուն,  Քաղդէացի եկեղեցւոյ զաւակներն ու դուստրերը կանչուած են ծոմ պահելու ու աղօթելու հայցելով Աստուծմէ, որ Իրաքի մէջ խաղաղութիւն եւ կայուն վիճակ տիրէ:  

Այս եղաւ Քաղդէացիներուն Պատրիարք, կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի կոչը, ուղղուած Քաղդէացի եկեղեցւոյ զաւակներուն: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները, հոգեւոր զէնքերով՝ ծոմապահութեամբ ու աղօթքով Աստուծոյ դիմեն, որպէսզի Իրաքի մէջ վերջ դրուին անկարգութիւններն ու բռնութիւնները:

Պատրիարքը Սաքօ դարձեալ վերանորոգած է իր հրաւէրը Իրաքի կառավարութեան եւ ցուցարարներուն, խնդրելով անոնցմէ, որ խոհեմութեամբ գործեն, միշտ ի միտի ունենալով ընդհանուր բարիքը եւ հեռու մնան արիւնահոսութենէն եւ հանրային ու սեփական կառոյցներու քանդումներէն:  

Նշենք թէ մինչեւ այսօր,  320 իրաքցի սպաննուած են ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/11/2019, 13:15