Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ  եւ  սինոդի մասնակցող Եպիսկոպոսներ ֆրանչիսկոս Պապ եւ սինոդի մասնակցող Եպիսկոպոսներ 

Եպիսկոպոսներուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ պիտի գնէ անտառային լայնածաւալ հողատարածք:

Բնապահպանութեան ի խնդիր Եպիսկոպոսներուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը Ամազոնի մէջ պիտի գնէ երկար տարածութեամբ անտառային հողատարածք, ծառեր տնկելու նպատակով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ամազոնեան տարածաշրջանի նուիրուած Վատիկանի մէջ ընթացք առած եպիսկոպոսներուն սինոդի ընթացքին Կարիդնալ Պալտիսերի իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ բնապահպանութեան ի խնդիր  եպիսկոպոսներու ընդհանուր քարտուղարութեան կողմէ ձեռնարկուած ծրագիրներուն: 

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալը, բազմաթիւ ծրագիրներուն շարքին նշեց «զեռօ ազդեցութիւն» անուան ծրագիրը: Եպիսկոպոսներուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ պիտի գնէ երկար տարածութեամբ անտառային հողատարածք եւ հոն պիտի տնկեն ծառեր,   ջերմոցային կազերու նուազեցման եւ կենսոլորտի ապականումի կանխարգիlման նպատակաւ: Ըսաւ Կարդինալ Պալտիսերին իր ներկայացուած զեկոյցին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2019, 11:29