Որոնել

Երանելի  Պենետեթթա Պիանքի Փորրօ Երանելի Պենետեթթա Պիանքի Փորրօ 

Երանելի հռչակուեցաւ աշխարհական Պենետեթթա Պիանքի Փորրօ։

ենետեթթա առիթ կ՛ունենայ Լուրտի սրբավայրը այցելել երկու անգամ, ուր կը հասկնայ թէ ո՞րն է իր կոչումը. «պայքարիլ ե հիւանդութիւնը ապրիլ անդորրութեամբ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 14 սեպտեմբերին, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Պեչչու՝ Իտալիոյ Ֆորլի քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին Երանելիներու շարքին կը դասէ աշխարհական Պենետեթթա Պիանքի Փորրօն, որուն երանացման կոնդակը վաւերացուած էր Քահանայապետի կողմէ, 2018-ի նոյեմբերի եօթին, ի տես նոր երանուհիին իրագործած մէկ հրաշքին՝ Սթեֆանօ Աներտի անունով 20 տարեկան Ճենովացի երիտասարդի մը բուժումը, 1986 թուականին, որ ինքնաշարժի արկածի պատճառաւ  մահաքունի մէջ էր ու երանուհիին բարեխօսութեամբ յանկարծակի բուժուեցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Պենետեթթա Պիանքի Փորրօն ծնած է Ֆորլիի մարզի մէջ գտնուող Տովատոլա գիւղաքաղաքին մէջ 8 օգոստոս 1936-ին, ու մանուկ հասակին ծանրապէս կը հիւանդանայ «պոլիոմիելիտ» հիւանդութենէ, որուն հետեւանքով մէկ ոտքը միւսէն կարճ կը մնայ։ Հակառակ առողջապահական վիճակին Պենետեթթան նախ կը յաճախէ Միլանի համալսարանի բնագիտութեան մասնաճիւղը բայց երեք ամիս ետք կ՛որոշէ անցնիլ բժշկական մասնաճիւղ։ Այս ուսմունքներու բերումով 1957-ին ան լաւապէս կ՛ըմբռնէ իր հիւանդութեան պատճառներն ու անոր հետեւանքները որոնք զինք կուրութեան ապա աստիճանաբար համրութեան մատնեցին։  Հարազատ բարեկամներու աջակցութեամբ ան կը յաղթահարէ բոլոր ցաւերը ու առիթ կ՛ունենայ Լուրտի սրբավայրը այցելել երկու անգամ, ուր կը հասկնայ թէ ո՞րն է իր կոչումը. պայքարիլ ե հիւանդութիւնը ապրիլ անդորրութեամբ։

Հիւանդութեան տարիներուն ան կը իր նամակներով կը շարունակէ աջակից ըլլալ շատերուն։ Պենետեթթան հազիւ 27 տարեկան  իր մահկանացուն կը կնքէ 23 Յունուար 1964-ին իր տան մէջ։ 23 Մարտ 1969էն ի վեր անոր աճիւնները կը հանգչին Տովատոլայի Սուրբ Անդրէասի վանքին եկեղեցւոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2019, 09:30