Որոնել

Կարդինալ Փել Կարդինալ Փել 

Աւստրալիոյ վերաքննիչ ատեանը հաստատեց Կարդինալ Փելի դէմ առաջին ատեանի վճիռը:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթթէօ Պրունիի յայտարարութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աւստրալիոյ վերաքննիչ ատեանը հաստատած է Կարդինալ Փելի դէմ անցեալ 28 փետրուարին, առաջին ատեանի՝ անչափահասներուն չարաշահումի յանցանքով հաստատած վճիռը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը չորեքշաբթի, 21 օգոստոսին , յայտարարութեամբ մը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնը՝ սեռային չարաշահումի թիրախ զոհերուն նկատմամբ ինչպէս նաեւ յանձնառումը հետապնդելու սեռային չարաշահումի յանցանքով պատասխանատուութիւն ունեցող կղերի անդամները:

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն տիար Մաթթէօ Պրունի յայտարարութեան մէջ, նշեց թէ Սուրբ Աթոռը կը վերահաստատէ իր յարգանքը Աւստրալիոյ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս յայտարարած էր անցեալ 26 փետրուարին, առաջին ատեանի վճիռին առիթով, նկատի առնելով Կարդինալ Փելլի բողոքարկումը մերժելու որոշումը:

Սուրբ Աթոռը, սպասելով դատական գործընթացներու ապագայ զարգացումներուն, կը յիշեցնէ որԿարիդինալ Փելը միշտ վերահաստատած է իր անմեղութիւնը:  Ան իրաւունք ունի  դիմելու գերագոյն ատեանին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2019, 09:53