Որոնել

«Վիրկէն Տէլ Ռոզարիօ Տէ Չիքինքիրա» «Վիրկէն Տէլ Ռոզարիօ Տէ Չիքինքիրա» 

Քոլոմպիայի մէջ կը նշուի «Վիրկէն Տէլ Ռոզարիօ Տէ Չիքինքիրա» Տիրամօր թագադրման 100 ամեակը։

1910-ի Յունուար 9-ին Պիոս Ժ քահանայապետը հրաման տուած էր կատարելու թագադրութեան արարողութիւնը , որ սակայն երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւններուն պատճառաւ, տեղի կ՛ունենայ միայն 9 Յուլիս 1919-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 Յուլիս 2019-ին Քոլոմպիայի Չիքինքիրայի Մարեմեան Սրբավայրին մէջ մեծ շուքով կ՛եզրափակուին Քոլոմպիայի պաշտպան սրբուհի՝ «Վիրկէն Տէլ Ռոզարիօ Տէ Չիքինքիրա» Տիրամօր թագադրման 100 ամեակին տօնակատարութիւնները,  որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ Կարդինալ Ռայմոնտ Տամաշէնօ Ասսիսզը՝ Պրաիզլիոյ Ափարեսիտա  թեմին  երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 6 յուլիսին սկիզբ առած 100 ամեակի տօնախմբութիւններուն բնաբանն է «Վերանորոգումի ուղեւորութեան մէջ Մարիամ  առաջնորդէ Քոլոմպիան»

Յայտնենք թէ 1910-ի Յունուար 9-ին Պիոս Ժ քահանայապետը  հրաման տուած էր կատարելու թագադրութեան արարողութիւնը , որ սակայն  երկրին մէջ տիրող քաղաքական լարուածութիւններուն պատճառաւ, տեղի կ՛ունենայ միայն 9 Յուլիս 1919-ին։

3 Յուլիս 1986-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, Քոլոմպիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս,  այցելութիւն տուած էր Սրբավայրն ու Տիրամօր սրբանկարին առջեւ ծնկադիր աղօթած էր Քոլոմպիայի խաղաղութեան համար։ Չինքինքիրա  տիտղոսը յառաջ կու գայ համանուն քաղաքէն ուր տեղի ունեցած էր Տիրամօր առաջին հրաշքը եւ ուր մինչեւ օրս կը պահպանուի 16-րդ դարու բնօրինակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/07/2019, 10:58