Որոնել

Ռատիոյ կայանէն առնուած լուսանկար Ռատիոյ կայանէն առնուած լուսանկար 

Վատիկանի Ռատիոկայանը կ՝օժտուի Լատիներէն լեզուով նոր հաղորդումով:

5 վայրկեան տեւողութեամբ Ռատիօ - հաղորդումի նոր յայտագիրը պիտի սփռուի Վատիկանի Ռատիոյ կայանի ալիքներուն վրայ, Իտալիոյ ժամով ամէն շաբաթ օր ՝ժամը 12,32ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 յունիսին, Վատիկանի Ռատիոկայանի ալիքներուն վրայ պիտի սփռուի Լատիներէն լեզուով - Hebdomada Papae, notitiae vaticanae latine redditae- «Պապին շաբաթը, Լատիներէն լեզուով Վատիկանեան տեղեկութիւններ » խորագիրով նոր յայտագիր:

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ ձեռնարկը ծնունդ կ՝առնէ համագործակցութեամբ Վատիկանի Ռատիոյ կայանի բաժանմունքներուն եւ Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան Լատիներէն նամակներուն գրասենեակին: Այս վերջինը կը զբաղի Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական նամակները գրելով ու թարգմանելով, ներառեալ @Pontifex_ln. Թուիթերան կայքէջով:

5 վայրկեան տեւողութեամբ Ռատիօ - հաղորդումի նոր յայտագիրը ՝զոր կը վարէ Ալեսսանտրօ Տէ Քարոլիսը , պիտի սփռուի Վատիկանի Ռատիոյ կայանի ալիքներուն վրայ, Իտալիոյ ժամով ամէն շաբաթ օր ՝ժամը 12,32 եւ նոյն յայտագիրը պիտի կրկնուի կիրակի յետմիջօրէն 5,30-ին: Նոյն յայտագիրը կը գտնենք նաեւ Փոտքասթի տարբերակով, հրապարակուած Վատիկանի Նիւզ կայքին վրայ:
Անդրադառնալով Լատիներէն լեզուով Ռատիօ-հաղոդումի նոր ծրագիրին, Վատիկան Նիւզի խմբագրականի տնօրէն Անտրէա Թորնիելլին յայտնեց « շաբաթական սոյն նոր յայտագիրով կ՝ուզենք տեղեկատուութիւններուն մէջ վերակենդանացնել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պաշտօնական լեզուն, որ արդէն ամէն օր կը հնչուի Վատիկանի Ռատիոյ կայանէն:

Անտրէա Թորնիէլլի նշեց, թէ Լատիներէն լեզուով յայտագիրը, ծնունդ չ՝առաւ անցեալին՝ կարօտով նայելով, այլ իբրեւ մարտահրաւէր դէպի ապագայ :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2019, 09:16