Որոնել

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի 

Կարդինալ Սանտրիին ելոյթը Roaco-ի տարեկան ընդհանուր 92-րդ համագումարի բացման առթիւ:

Օրհնութիւն է Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելելու մաղթանքը:
Ունկնդրէ լուրը

11 յունիս 2019-ին, Հռոմի Յիսուսեան միաբանութեան մայր վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Roaco-ի տարեկան ընդհանուր 92-րդ նիստին:

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիn, նիստի բացման առթիւ ունեցած իր ելոյթին սկիզբը, անդրադառնալով վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք այցելելու մաղթանքին, զայն նկատեց օրհնութիւն, յոյս յայտնելով, որ Իրաքի մէջ լարուած կացութիւնը անգամ եւս թիրախ չդարձնէ երկիրը:

Ան ապա ակնարկելով Իրաքի մէջ եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան, յիշեց Մոսուլի մէջ քաղդէացի եւ Ասորի  եկեղեցիներու իրենց թեմերու  առաջնորդներ ընտրելու նախախնամական ժողովը, զայն նկատելով խոչընդոտներուն ընդմէջ՝ ուղեւորութեան յոյսի նշան:

Խօսելով Լիբանանի մասին, ծիրանաւորը ակնարկեց անցեալ նոյեմբերին Լիբանան կատարած իր այցելութեան: Ընդգծեց եկեղեցւոյ եղբայրսիրութեան սինոդականութիւնը,  շօշափելի օգնութիւն զատորոշելու մէջ : Ան յիշեց Թենայել շրջանին մէջ Սուրիացի եպիսկոպոսներուն եւ գաղթականներուն հետ ունեցած հանդիպումը, ինչպէս նաեւ Միջին արեւելքի պատրիարքներուն, այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումը: 

Կարդինալ Սանտրի անդրադարձաւ բազմաթիւ Սուրիացի գաղթականներուն ողբերգական վիճակին, որոնց «համար դիւրին չէ եւ ոչ իսկ կարելի, հայրենիք վերադառնալ:» ըսաւ Ան աւելցնելով «ողբերգութիւն մը,  որ կարօտը ունի եկեղեցւոյ օգնութեան ՝ օգնելու անձերը, ոչ միայն մայրիներու երկրին մէջ,  այլեւ  Եւրոպայի մէջ,  որպէսզի անոնք չ՝որոնեն դիւրին պատասխաներ եւ առանց խղճի քննութեան, հարցերը ուրիշներուն մէջ փնտռեն:

Կարդինալ Սանտրի ելոյթին մէջ յիշեց, 7 յուլիս 2018-ին, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ կայացած միջին արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ եւ միջին արեւելքի եկեղեցապետերու ներկայութեամբ աղօթքի օրը, «որ շատերուն սիրտին մէջ մեծ հետք ձգեց» ըսաւ Ան ապա անդրադարձաւ Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած եղբայրութեան միասնական փաստաթուղթին ու այս առնչութեամբ յարեց, թէ ինք նամակով մը բոլոր եկեղեցապետերէն խնդրած է, որ համագործակցին փաստաթղթին գործադրման ի խնդիր:

Ինչ կը հայի երուսաղեմի եւ Սուրբ Երկրի կացութեան, Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը յոյս յայտնեց որ ընթացքի մէջ գտնուող միջազգային բանակցութիւնները իսկական պտուղներ տան Իսրայէլի եւ Պաղեստինցի ժողովուրդի կեանքի ի նպաստ:

Ան եզրափակեց իր խօսքը նշելով, որ արեւելեան եկեղեցիներուն ժողովի կայքէջին վրայ մօտ օրէն լուրեր պիտի հրապարակուին, հաղորդուած արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2019, 11:48